ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ – ԱՊՏԵԼ ԺԱԼԻԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` իմամ Մուսա Սատըրի զաւակը` Սատրէտտին Սատըր եւ շէյխ Մոհամետ Եագուպի զաւակը` նախկին երեսփոխան Հասան Եագուպ, երէկ հանդիպում մը ունեցան Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն Լիպիոյ մէջ անհետացման թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Մանսուր նշեց, որ Լիպիոյ նոր իշխանութիւնները այդ հարցով Լիբանանի հետ գործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են եւ այս նպատակով պիտի կազմեն լիբանանեան-լիպիական յանձնախումբ մը:
Իր կարգին, Ապտել Ժալիլ յայտնեց, որ իրենց համար նաեւ կարեւոր է իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ճակատագիրը բացայայտելու թղթածրարը` աւելցնելով, որ տակաւին մինչեւ օրս անոնց մասին շօշափելի տեղեկութիւններ չկան:

