ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանան ժամանած ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի ուժերու հրամանատար զօր. Ճէյմս Մաթիսը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու միջոցները` ամերիկեան բանակին կողմէ տրամադրուած գումակային եւ զինուորական օժանդակութիւններուն ընդմէջէն:

 

Share this Article
CATEGORIES