ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱԹՆԵՂԷՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Նախարար Սապունճեանի եւ կաթնեղէնի ճարտարարուեստի ազգային խորհուրդին միջեւ հանդիպումէն պահ մը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամը եւ Կաթնեղէնի ճարտարարուեստի ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Ժաք Քալլասիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կաթնեղէնի ճարտարարուեստին դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան շուկային մէջ գտնուող կաթնեղէնի յատկանիշները, որոնք վնասակար են մարդուն առողջութեան եւ կ՛աղաւաղեն լիբանանեան արտադրութիւններուն պատկերը:

Այս մարզին դիմագրաւած հարցերուն քննարկումին կողքին, քննարկուեցաւ նաեւ ընդհանուր ծրագիր մը, որ կը միտի բարելաւել կաթնեղէնի ճարտարարուեստին որակը:

Այս ծրագիրի քննարկման շրջագիծին մէջ նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց նաեւ այդ հարցը քննարկելու երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի հետ` նկատի ունենալով, որ այս մարզը կը վերաբերի նաեւ երկրագործութեան նախարարութեան:

Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Իպրահիմ Սասին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ալճերիական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական, առեւտրական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն բարելաւման առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES