ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԶՕՐ. ՄԱԹԻՍԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի ուժերու հրամանատար զօր. Ճէյմս Մաթիսը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:
Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, քննարկուեցան շրջանային ապահովական իրադարձութիւնները:
Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ իր կարգին այցելեց վարչապետարան, ուր ներկայացուց լիբանանցի քաղաքացիներուն առողջապահական ապահովագրութիւն շնորհելու ծրագիրը:
Հանդիպումէն ետք նախարար Խալիլ յայտնեց, որ կան որոշ առաջարկներ, որոնք յաւելեալ ուսումնասիրութեան կը կարօտին` աւելցնելով, որ ընդհանուր գիծերու մէջ այդ հարցը ազգային բնոյթ ունի եւ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` զայն յաջողցնելու համար:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ, ինչպէս նաեւ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը: