ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Նախարար Խալիլ, Սուրիոյ դեսպանը եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի ուժերու հրամանատար զօր. Ճէյմս Մաթիսը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիս, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES