ԼԱՐԻԺԱՆԻ. «ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐ ԴԱՐՁԱԾ Է»
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Թուրքիա կատարած այցելութեան նախօրեակին յայտարարած է, որ շրջանի երկիրները իրենց խնդիրները ինքնուրոյնաբար պէտք է լուծեն, սակայն ղարաբաղեան տագնապը դարձած է միջազգային խնդիր, եւ Իրանը նախապէս ներդրում ունեցած է եւ պատրաստ է ունենալու` խնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ:
«Կարեւոր է, որ լուծման հարցին մէջ ոչ ոքի շահերը ոտնահարուին», ըսած է Լարիժանի եւ շեշտած, որ ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ Թեհրանի եւ Անգարայի դիրքորոշումները «մինչեւ որոշ կէտ» շատ մօտ են:
CATEGORIES Հայկական