ՀԱՅ – ԹՐՔԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵ՞Ր…

Տիգրան Բալայեան

«Երկիր» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով «Հայեացք» թերթէն, հաղորդեց, որ հաւաստի աղբիւրներ տեղեկացուցած են, որ վերջին շրջանին տեղի ունեցած են պետական մակարդակով հայ-թրքական գաղտնի բանակցութիւններ: Անոնք ընթացած են 4 դեկտեմբերէն մինչեւ 24 դեկտեմբեր: Առաջին տասը օրը հայկական եւ թրքական պատուիրակութիւնները բանակցած են Թիֆլիսի մէջ, ապա` Եւրոպայի մէջ:

Երէկ աւելի ուշ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան հերքեց նշեալ լուրը: «Այդ տեղեկատուութիւնը սուտ է», ըսաւ Տ. Բալայեան:

 

Share this Article
CATEGORIES