ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊՈՐՏԻՒԺԱՅԻ ՀԵՏ
Աւարտելով Պիելոռուսիա այցելութիւնը` Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան ժամանեց Մոսկուա, ուր Հայաստանի դեսպանատան մէջ երէկ հանդիպում ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն համագործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ ստորագրուած կազմակերպութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան ծրագիրին եւ ժամանակացոյցին` ներառեալ «Քանալ», «Նելեկալ», «Փրոքսի» նախաձեռնութիւններու իրականացման, որոնք կ՛առնչուին տեղեկատուական ապահովութեան, ապօրինի գաղթի եւ թմրամիջոցներու անօրինական շրջանառութեան դէմ պայքարի խնդիրներուն:
Քննարկուեցան նաեւ այս տարի Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանումներու ռազմափորձի կայացման առնչուող հարցեր:
Այս եւ ձեռք բերուած միւս համաձայնութիւններուն իրականացման նպատակով փետրուարին Հայաստան պիտի այցելէ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Արթուր Բաղդասարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ներկայ պիտի գտնուի նաեւ հայ առասպելական հետախոյզ Գէորգ Վարդանեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան:


