ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ-ՍԱԼԵՀԻ-ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` 17 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Սելճուք Ունալ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այս ամսուան ընթացքին Ազրպէյճան պիտի այցելէ:

Ունալ նշած է, որ Տաւութօղլու 17 յունուարին պիտի այցելէ Նախիջեւան, ուր Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ եռակողմ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:

«Թրենտ» կ՛ընդգծէ, որ այդ հանդիպումին վերաբերեալ համաձայնութիւնը գոյացած է անցեալ տարուան նոյեմբերին` Նախիջեւանի մէջ երեք երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Հանդիպումին քննարկուած էին նաեւ առեւտուրի, արդիւնաբերութեան, ներդրումներու, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի մարզերուն առնչուող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES