ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՎԱՂԸ` ՈՒԱՖԱ ՆԱՊԻ ՇԻԹ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 15 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի Պեքաա, ուր Խիարայի մէջ գտնուող Ժամալ Ապտել Նասեր դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Ուաֆա Նապի Շիթի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին, մնացեալ մրցումներուն նման:
Նշենք, որ այս մրցումին ֆետերասիոնին կողմէ հսկող պատասխանատու նշանակուած է Խալետ Խաթիպ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ, մինչ երկու այլ մրցումներ աննպաստ կլիմային պատճառով յետաձգուեցան: Յետաձգուած մրցումներն էին` Շապապ Սահել – Շապապ Ղազիէ եւ Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ:
Պուրճ Համուտի դաշտին վրայ Նըժմէ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Խըյուլի, իսկ Սայտայի մէջ, Ահտ` Մապարրայի (1-0):
Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Ահլի Սայտա 2-1 արդիւնքով յաղթեց ՀՄՄ-ի, երբ իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին:


