50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏԸ
ՌՈՒՍ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
Հինէն ի վեր հայ գիտնականները կարեւոր նպաստ մը բերած են ռուս գիտութեան:
Դեռ անցեալ դարու վերջերուն եւ մեր դարուն սկիզբը ռուս գիտութեան մէջ համբաւ վայելող անուններ էին, , ի շարս այլոց, գիտութիւններու համառուսական ակադեմիայի թղթակից – անդամ, երկրաբան Անդրէաս Արծրունի եւ ծանօթ հայ երգահան Ալ. Սպենդիարեանի եղբայրը` Լէոնիդ Սպենդիարեան:
Արծրունիի գիտական գործունէութեան դափնեպսակը եղաւ քիմիական տարրերու համաձեւ (իզոմորֆ) տասը շարքերու հաստատումը, որոնք իրենց գիտական արժէքը չեն կորսնցուցած մինչեւ այսօր եւ զանոնք, հետագային, զարգացուց ակադեմական Վերնադոկի:
Ակադ. Կարպենսկիի աշակերտ Լ. Սպենդիարեան մասնակցեցաւ երկրաբանութեան ութերորդ միջազգային համագումարէն առաջ կազմակերպուած Ուրալեան արշաւախումբին, իսկ անկէ առաջ մասնակցեցաւ Ցիւրիխի համագումարին եւ կը թողու կովկասեան ծովային ոզնիներուն նուիրուած արժէքաւոր հետազօտութիւն մը: Հայ գիտնականին մահէն ետք իր անունով մրցանակ սահմանուեցաւ երկրաբանական լաւագոյն աշխատութեան համար: 1900-ին, ութերորդ համագումարին, Փարիզ, առաջին անգամ Սպենդիարեանի մրցանակը ստացաւ Կարպինսկի, այլ խօսքով` հայ գիտնականին ուսուցիչը: Այնուհետեւ կարգ մը պատկառելի եկրաբաններու աշխատութիւններ ալ արժանացան սոյն մրցանակին, որ այսօր ալ գոյութիւն ունի եւ երկրաբանութեան գիտութեան ամէնէն բարձր մարմինը` Միջազգային համագումարը, զայն կը շնորհէ աչքի զարնող գործերու հեղինակներուն:
Խորհրդային իրականութեան մէջ եւս հայ գիտնականները շարունակեցին իրենց նպաստը բերել ռուս գիտութեան: Ասոնցմէ շատերը ծանօթ անուններ են ոչ միայն Խորհրդային Միութեան մէջ, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս եւս: Այս պատկառելի գիտնականներուն շարքին կը պատկանին յայտնի երկրաբան Վարդան Նաւակատիկեան, ճանչցուած` Վարդան Լոդոշնիկով անունով, իր բիւրեղեայ-տեսողութեան հետազօտութիւններով յայտնի Լեւոն Վարդանեանց եւ երկրաբնագիտութեան հարցերու մասնագէտ Նիքոլայ Խիտարով (Մխիթարեան), որ արժանացած է Խ. Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի ամէնէն բարձր պարգեւին` Վերնադոկի մրցանակին:
Վերջապէս, ռուս գիտութեան իր կարեւոր նպաստը բերած է Փաւլովի աշակերտը` ակադեմական Լ. Օրբէլի, վաթսուն տարի ապրելով եւ գործելով Լենինկրատի մէջ եւ հիմը դնելով բնախօսներու միջազգային դպրոցին:
Չմոռնանք աւելցնելու Վ. Համբարձումեանին անունը` իր բերած կարեւոր նպաստին համար:
Ա. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 5 ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԱԽՃԱՆԸ
ՀՆԴԻԿ ԱՍՏՂԱԳԷՏՆԵՐԸ ՄԵԾ ԱՂԷՏ ՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ
ՆՈՐ-ՏԵԼՀԻ, 13 (ԱՖՓ).- Բազմաթիւ հնդիկներ ահ ու սարսափի մէջ կ՛ապրին, որքան կը մօտենայ փետրուար ամիսը, որովհետեւ երկրին աստղագէտները, գուշակած են, որ ահաւոր աղէտներ պիտի պատահին յառաջիկայ ամիս:
Արդարեւ, փետրուար 5-ին պիտի պատահի ութ մոլորակներու չափազանց հազուադէպ շաղկապում մը եւ արեւի խաւարում մը: Աստղագէտներուն համաձայն, վերջին անգամ եօթը մոլորակներ շաղկապուած են նախաքրիստոնէական շրջանին:
Այդ շրջանին է, որ պատահեցաւ մեծ պատերազմը, որմէ ծնունդ առաւ «Միզոքոնար» դիւցազնավէպը: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ մեռան Քարուքշեթրայի ռազմադաշտին վրայ, որ Նոր-Տելհիէն 80 քմ. հեռու կը գտնուի: Այս նշանաւոր դիւցազնավէպին մէջ է, որ կը գտնուի հռչակաւոր «Պաղվա»-ն, բոլոր հնդիկներուն կրօնական քերթուածը, որ հիմնուած է իմաստութեան վրայ:
Կարգ մը աստղագէտներ մինչեւ իսկ կը նախատեսեն աշխարհի վախճանը փետրուար 5-ի համար: Հարցը այնքան լուրջի առնուած է, որ 1959-ին արդէն «Ասթրոլոճիքըլ Մեկըզին»ը Պենկալարի մէջ կազմակերպած էր դասախօսութիւն մը` «Ութ մոլորակներու շաղկապման եւ համաշխարհային հարցեր»ու մասին: Ընտրական վերջին ճառերու ընթացքին, Հնդկաստանի վարչապետ Նեհրու ակնարկած էր այդ գուշակութիւններուն եւ` ըսած թէ չի հաւատար, որովհետեւ Հնդկաստանի ճակատագիրը իր զաւակներու ձեռքին մէջ կը գտնուի: Բայց այս խօսքերը արգելք մը չեն, որ բազմաթիւ հնդիկներ վախնան: Արդէն իսկ բոլոր աղէտները, ինչպէս երեք օր առաջ Փերուի մէջ պատահածը, կը վերագրուին այս շաղկապման եւ կը նկատուին ահաւոր նախանշաններ:
Մինչեւ հիմա միակ օգտուողները աստղագէտներն են, որոնք ոսկի կը կտրեն։