ԿԱՊԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆ. ԿԱՊԻԿՆԵՐՈՒՆ ԿԱՆՉԵՐԸ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՆ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

Քամփպելի կապիկ կոչուած անասունները ունին ահազանգ հնչեցնող իւրայատուկ կանչեր:

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏ ԵՆ` ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ: ԱՆՈՆՔ ՆԿԱՏԱԾ ԵՆ, ԹԷ ԿԱՊԻԿԻ ՏԵՍԱԿ ՄԸ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ՁԱՅՆԱՅԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐՈՎ ՏԱՐԲԵՐ ԻՄԱՍՏ ՏԱԼՈՒ ԻՐ ԿԱՆՉԵՐՈՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Երկու ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ձայները միացնելու եւ բառերուն տարբեր իմաստ տալու մեր կարողութեան արմատները հաւանաբար կը գտնուին կապիկի տեսակի մը քով:

Ուսումնասիրողներու խումբ մը ի յայտ բերած է, թէ Քամփպելի կապիկ կոչուած անասունը կրնայ պարզ ձայն մը կցել ահազանգի իր կանչերուն` ստեղծելու համար նոր ահազանգ մը, ապա նոր ահազանգերը միացնել` յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցելու համար:

Ուսումնասիրութեան արդիւնքը հրատարակուած է «ՓԼոՍ ուան» եւ «ՓՆԱՍ» թերթերուն մէջ:

«ՔՐԱՔ-ՈՒ»

Մարդկային լեզուն անհաւատալիօրէն բարդ է, սակայն անոր հասարակաց յատկանիշներէն մէկը բառի մը իմաստը փոխելու նպատակով անոր նախածանց մը կամ վերջածանց մը աւելցնելու գործընթացն է: Օրինակ, «ութիւն» վերջածանցը` «եղբայր» բառին ետին, կազմելու համար` «եղբայրութիւն»:

Փղոսկրեայ Ափունքի Թայ ազգային զբօսայգիին մէջ Քամփպելի կապիկները ուսումնասիրող խմբակ մը ի յայտ բերած է, թէ այս անասունները կը կիրարկեն նմանօրինակ գործընթաց մը:

Ուսումնասիրողները քննած են վայրի բնութեան մէջ ապրող 6 խմբաւորումներու ամէնէն տիրական արու կապիկները: Թէեւ այս կապիկները ընկերային մեծ դեր մը չեն խաղար, սակայն արթուն կերպով կը հետեւին հաւանական վտանգներու եւ խանգարիչ երեւոյթներու, ապա համապատասխան կանչերով լուսարձակի տակ կ՛առնեն զանոնք:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ այս կապիկները կ՛արձակեն ահազանգ հնչեցնող բազմաթիւ տարբեր կանչեր, ինչպէս` «պում», «քրաք» եւ «հոք»:

Ուսումնասիրողներու խումբը նկատած է, թէ «պում» ահազանգը կը հնչէ, երբ կապիկ մը կը նկատէ գետին ինկող ճիւղ մը կամ կը նախաձեռնէ խմբային ուղեւորութեան:

«Քրաք» կանչը կ՛արձակուի միայն այն ատեն,  երբ կապիկները կը նկատեն ընձառիւծի մը գոյութիւնը:

Իսկ «հոք» կանչը կը հնչէ, երբ թագի նման կատարով արծիւ մը կը խոյանայ դէպի ծառածածկ զբօսայգին:

Սակայն յաւելեալ վերլուծումներ ի յայտ բերած են, թէ մինչ «պում» կանչը տեւաբար կը հնչէր անփոփոխ ձեւով, անդին` կապիկները երբեմն «ու» կ՛աւելցնէին «քրաք» եւ «հոք» կանչերուն` շրջելով անոնց իմաստը` նոր տեղեկութիւն մը փոխանցելու համար:

Քլաուս Զուպըրպուլըր, որ հեղինակն է Սկովտիոյ Ս. Էնտրուս համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան, կ՛ըսէ. «Երբ այս նուրբ յաւելեալ «ու»-ն կը կցուի «քրաք» կանչին` զայն վերածելով «քրաք-ու»-ի, ապա այս կանչը կը գործածուի շարք մը տարբեր պարունակներու մէջ: Իսկ երբ զանց կ՛առնուի այս վերջածանցը, ապա անիկա միայն ընձառիւծներու դէմ նախազգուշացումի կանչ մըն է»:

Մինչ յայտնապէս «քրաք-ու»-ն ընդհանուր ահազանգ մըն է, որ կը հնչէ գրեթէ իւրաքանչիւր խանգարիչ երեւոյթի առիթով, անդին` «հոք-ու»-ն կը գործածուի միայն զբօսայգիին մէջ բարձրացած աղմուկի մը առիթով, ինչպէս` կապիկներու դրացի խումբի մը ներկայութիւն, թռչուններու սաւառնում եւ այլն:

«Հետաքրքրականը այն է, թէ ձայնային այս նոյն եղանակաւորիչը կը գործածուի երկու կանչերուն համար, ինչ որ համազօր է մարդկային լեզուի մէջ վերջածանցի մը գործածութեան», կ՛ըսէ  Զուպըրպուլըր:

«ՊՈՒՄ, ՊՈՒՄ»

Երկրորդ ուսումնասիրութիւն մը կը միտէր ցոյց տալ, թէ Քամփպելի կապիկները ինչպէ՛ս կը մէկտեղէին ահազանգի իրենց կանչերը, որոշ պայմաններու մէջ անջատ կանչերու փոխարէն գործածելով իրերայաջորդ շարք մը կանչեր, :

«Երբեմն կապիկ մը կ՛արձակէ 10, 15 կամ նոյնիսկ 20 կանչեր, եւ էապէս տարբեր տեսակի կանչեր կրնան յայտնուիլ անոնց շարքով: Հետեւաբար փորձեցինք գիտնալ, թէ մասնայատուկ ինչպիսի՛ վիճակ մը կրնայ խթանել իրերայաջորդ կանչերու այս շարքերը», կ՛ըսէ  Զուպըրպուլըր:

Գիտնականները ի յայտ բերած են, թէ միայն «պում» կանչերէ բաղկացած շարքեր կը գործածուին, երբ կապիկները կը նախաձեռնեն խմբային ուղեւորութեան:

Երբ երկու «պում»-երու կը յաջորդեն քանի մը «քրաք-ու» կանչեր, անոնք կը հնչեն բացառաբար տապալող ծառերու կամ ճիւղերու ի տես:

Սակայն, երբ երկու «պում»-երու կը յաջորդէ «քրաք-ու»-ներու եւ «հոք-ու»-ներու խառնուրդ մը, ապա այս մէկը յայտնապէս նշան մըն է Քամփպելի կապիկներու այլ խումբի կամ առանձին արու կապիկի մը ներկայութեան:

«Ասոնք երեք տարբեր երեւոյթներ են, որոնք ոչ մէկ կապ ունին իրարու հետ, սակայն հիմնականին մէջ կը բաղկանան նոյն տեսակի կանչերէ», կ՛ըսէ Զուպըրպուլըր:

«Առաջին անգամ է, որ կ՛ապացուցենք, թէ կանչերու այս շարքը բան մը կը փոխանցէ միջավայրի մասին, կամ` իրադարձութեան մը, զոր կը նկատէ կապիկ մը»:

Ուսումնասիրողները կ՛ըսեն, որ թէեւ կապիկներուն լեզուական կարողութիւնները իւրայատուկ են ստնաւոր անասուններուն քով, սակայն, եթէ փաստուի, թէ վերոնշեալ յայտնաբերումները համատարած են, ապա այս մէկը պիտի օգնէ` աւելին ի յայտ բերելու մարդկային լեզուին ծագումին վերաբերեալ:

«Քամփպելի կապիկները եւ մարդիկը իրարմէ բաժնուած են հասարակաց նախահայրէ մը` 30 միլիոն տարի առաջ», կ՛ըսէ Զուպըրպուլըր:

«Այս ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ յայտնապէս նախնիներու յատուկ կանչերու կառուցաբանական երեւոյթներ գոյատեւած են ստնաւորներու շառաւիղներու մէջ, ինչ որ ցարդ անծանօթ էր մեզի», կ՛աւելցնէ ան:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES