ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԵՒ ՕՊԱՄԱ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԵՑԱՆ` ԴԵՍՊԱՆ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԻՍԱՏ ՄՆԱԼՈՎ

Օպամայի վարչակարգին իրերայաջորդ քաղաքական սայթաքումներուն պատճառով, Մեթիու Պրայզա ստիպուած եղաւ անցած շաբաթ լքել Ազրպէյճանի մէջ դեսպանի իր պաշտօնը:

Նախագահ Օպամա անտեսեց 2010-ի մայիսին Ազրպէյճանի մէջ դեսպանի պաշտօնին համար իր կողմէ առաջադրուած թեկնածուի լուրջ թերութիւններուն մասին բազմաթիւ զգուշացումները: Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները Պրայզան կը մեղադրէին ազրպէյճանամէտ դիրքորոշում եւ ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ կասկածելի կապեր ունենալու համար: Ծերակուտականները անհանգստացած էին այն լուրերէն, ըստ որոնց, օտարերկրեայ որոշ պաշտօնեաներ շռայլ նուէրներ տուած էին Պրայզային, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած անոր հարսանիքին ընթացքին, որուն Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը մասնակցէր իբրեւ խաչեղբայր: Բացի անկէ, դեսպանի թեկնածուին ազգութեամբ թուրք կինը` Զէյնօ Պարան, կը մեղադրուէր Ուաշինկթընի հետազօտական կեդրոնին մէջ Կասպից ծովու ուժանիւթային հարցերուն ուղղութեամբ աշխատած ընթացքին շահերու բախում ունենալուն մէջ: Պարան նաեւ զայրացուցած էր Ամերիկայի հայկական համայնքը` ծերակոյտի ենթայանձնաժողովի նիստին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վկայութիւն տալով:

Երբ նախագահ Օպամա այս մտահոգութիւնները լրջութեամբ չընկալեց, ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր (դեմ., Քալիֆորնիա) եւ Ռապըրթ Մենենտեզ (դեմ., Նիւ Ճըրսի) այլ ելք չունեցան` Պրայզայի թեկնածութիւնը առկախելէ բացի: Այդպիսով, անոնք խոչընդոտեցին Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը: Այնուհետեւ, Օպամա խորացուց իր սխալը, երբ 2010-ի վերջաւորութեան Պրայզան, առանց ծերակոյտի արտօնութեան, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներ դեսպան նշանակեց: Նախագահը ուշադրութիւն չէր դարձուցած այն հնարաւոր վնասին, որ կրնար հասնիլ ի՛ր իսկ հեղինակութեան, Միացեալ Նահանգներու վարկին եւ Միացեալ Նահանգներ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, եթէ ծերակոյտը չհաստատէր Պրայզայի թեկնածութիւնը նշանակման տուեալ տարուան ընթացքին` ստիպելով զայն լքել իր պաշտօնը եւ վերադառնալ Ուաշինկթըն:

2011-ի դեկտեմբերին, երբ դեսպան Պրայզայի ժամանակաւոր նշանակման ժամկէտը աւարտին մօտեցած էր, Օպամայի վարչակարգի պաշտօնեաները սկսան ճնշում բանեցնելու ծերակուտականներ Պաքսըրի եւ Մենենտեզի վրայ, որպէսզի վերջիններս հաստատեն Պրայզայի թեկնածութիւնը եւ թոյլ տան անոր` շարունակել իր ծառայութիւնը Ազրպէյճանի մէջ: Երկու ծերակուտականները անդրդուելի մնացին Պրայզայի հարցով, թէեւ դեմոկրատ այս քաղաքական գործիչներուն համար դժուար էր մերժել Միացեալ Նահանգներու նախագահին խնդրանքը, մանաւանդ երբ վերջինս կը համարուի նաեւ իրենց կուսակցութեան առաջնորդը:

Ծերակուտականներուն վրայ ճնշում գործադրեցին նաեւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ անոր լոպիիստական հզօր կազմակերպութիւնները, որոնք սկսան աշխուժօրէն աշխատիլ, որպէսզի արդարացնեն իրենց վրայ ծախսուող հսկայական գումարները: Յատուկ կապերու շնորհիւ անոնք կրցան ձեռք ձգել այն, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ը եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը խմբագրականներ տպագրեն ընդդէմ ծերակուտականներուն եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, որ կը գլխաւորէր ոչ-ատակ այս դեսպանին դէմ քարոզարշաւը:

Զարմանալի չէր, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ը շռայլ գտնուեցաւ Պրայզան գովելու հարցին մէջ` զայն բնորոշելով իբրեւ «արտաքին ծառայութեան յարգանք վայելող յաջողակ պաշտօնեայ», եւ մեղադրելով ծերակուտականները` «ամերիկահայ լոպիի գերին» ըլլալու մէջ:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը աւելի՛ վիրաւորական ձեւով արտայայտուեցաւ: Թերթին խմբագրականը կարելի է բնորոշել իբրեւ բացայայտօրէն ցեղապաշտական եւ հակահայկական յօդուած: Հակառակ «Միացեալ Նահանգների ազգային շահերը» պաշտպանելու իր կոչին, թերթը պարզապէս փորձեց սատարել թեկնածութեանը կասկածելի հաւատարմագրեր ունեցող այդ դեսպանին, որ աւելի շատ կը վնասէր, քան կը նպաստէր Ամերիկայի շահերուն:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը աւարտած էր իր ամօթալի խմբագրականը` «քարիւղէ զուրկ» եւ «մեկուսացուած» Հայաստանը մեղադրելով Պրայզայի հարցին մէջ պարտուող կողմը ըլլալուն համար: Կը յանդգնինք չհամաձայնիլ: Ասիկա Ամերիկայի խնդիրն է, եւ Հայաստանը ատոր մէջ որեւէ դեր չունի: Իրականութեան մէջ պարտուողները անոնք են, որոնք լոպիիստական երկար եւ տքնաջան գործունէութիւն ծաւալեցին` անատակ այդ դեսպանի թեկնածութեան հաստատման համար, որ մտադիր էր ծառայել աւելի շատ Ուաշինկթընի մէջ Պաքուի, քան` Ազրպէյճանի մէջ Ամերիկայի շահերուն:

Իմ կարծիքով, իրական պարտուողներն են`

1) Նախագահ Օպաման, որ ընտրած էր դեսպանի ոչ ատակ թեկնածու մը եւ յամառօրէն կը փորձէր հասնիլ անոր թեկնածութեան հաստատման, երբ առաջին օրէն իսկ շատ պարզ էր, որ Պրայզան այդ պաշտօնին վրայ հաստատուելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէր:

2) Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, որ չափազանց մեծ գումար վատնեց լոպիիստներու վրայ, որոնք երբե՛ք չկրցան լուծել իրենց առջեւ դրուած խնդիրը:

3) Ազրպէյճանական եւ թրքական կազմակերպութիւնները, ինչպէս, օրինակ,  Ազրպէյճանական-ամերիկեան խորհուրդը, Ամերիկայի ազրպէյճանական ընկերութիւնը, Համաթրքական հաստատութիւնը, Ամերիկայի ազրպէյճանցիներու ցանցը եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը, որոնք բազմաթիւ մամլոյ հաղորդագրութիւններ տարածեցին եւ հազարաւոր ելեկտրոնային նամակներ ուղարկեցին ծերակոյտին® ամբողջութեամբ ապարդիւն: Պաշտպանելով Պրայզան` անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին, թէ վերջինս իրականութեան մէջ «իրենց մարդ»ն էր, այլ ոչ թէ` անաչառ դիւանագէտ:

4) «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը, որոնք դէմ ելան իրենց լրատուական սկզբունքներուն` «նաւթընկերներ»ը գոհացնելու համար:

5) Միացեալ Նահանգներ նախկին 36 պաշտօնեաները, որոնք միացեալ նամակ մը ստորագրելով` հանդէս եկան Պրայզայի թեկնածութիւնը հաստատելու կոչով: Բացարձակապէս պատահական չէ, որ ստորագրողներուն մեծամասնութիւնը այսօր կապ ունի այնպիսի հետազօտական կեդրոններու եւ լոպիիստական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը ֆինանսաւորուին Ազրպէյճանի կողմէ, կամ հետագային նման ֆինանսաւորումի մը ակնկալիքը ունին:

Այնուամենայնիւ, յստակ է, որ երկու յաղթող կայ.

1) Ամերիկայի հայկական համայնքը, որ հնչեղ եւ յստակ ուղերձ յղեց Պաքուին, Անգարային եւ Ուաշինկթընին` ներկայանալով իբրեւ քաղաքական այնպիսի հզօր ուժ, որուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ:

2) Մեթիու Պրայզան եւ անոր կինը, որոնք այժմ գործելով որպէս Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ լոպիիստներ, կ՛ակնկալուի, որ կրնան միլիոններ վաստակիլ` օգտուելով Պաքուի եւ Անգարայի մէջ իրենց «բարձրաստիճան» կապերէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES