ՀԱՅԱՇԷՆԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

75 տարիներ առաջ ժողովուրդին ճիգով, աշխատանքով եւ քրտինքով կառուցուած եւ կեանքի կոչուած Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին երէկ` կիրակի, 15 յունուարին նշեց իր անուանակոչութիւնն ու հիմնադրութեան 75-ամեակը:

Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ իր քարոզին հիմքը նկատի ունեցաւ Յիսուսի առաջին հրաշքը` ջուրը գինիի վերածելու, յատուկ կերպով առանձնացնելով այն երեւոյթը, որ այդ օրը հրաշքով գոյացած գինին լաւորակն էր, առատը եւ արժէքաւորը: Այս աստուածաշնչային պատգամը մերօրեայ կեանքին առնչելով` առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ հոն, ուր Քրիստոս ներկայ է, հոն կայ առատութիւն եւ որակ: Իսկ 75 տարիներ առաջ Քրիստոսի այդ ներկայութիւնը եւ Անոր նկատմամբ հաւատքը մղած է Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը տակաւին նոր թօթափած հայորդիներ իրենց տուներուն կողքին կանգնեցնելու եկեղեցի եւ դպրոց` իրենց անձնական ջանքով, նուիրումով ու աշխատանքով, դիտել տուաւ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան աւելցուց, որ նիւթական նեղ կարելիութիւններով իսկ հայաշէնցիները կրցան շինել հայկական արժէքներու ու հաւատքի գանձարանը հանդիսացող եկեղեցին` իրենց կամքին եւ այն գիտակցութեան շնորհիւ, որ պէտք է պահպանել կեանքի որակը: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ այսօր եւս այդ որակի պահպանման համար անհրաժեշտ պատրաստակամութիւնը կա՞յ` շեշտելով, որ մեր հայրերէն ժառանգած ենք լաւ գինին պահելու արժանիքը, բայց պէտք է այդ առնչութեամբ լուրջ աշխատանք տանիլ նոյն ոգիով ու հաւատքով:

Գեղամ արք. Խաչերեան մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, որ ներկայիս հայ ընտանիքի դաստիարակութիւնը փոխուած է, մթնոլորտը փոխուած է, աւանդութիւններուն նկատմամբ անտարբերութիւն գոյութիւն ունի, հակառակ անոր որ կարեւոր են այս բոլորը ազգային ոգիի եւ ինքնութեան պահպանման համար: «Հայ ոգիին որակը լաւ է, եւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի հաւատքին, պէտք է գինին լաւորակ պահել: Ա՛յս է այսօր մեր դիմաց դրուած մարտահրաւէրը», նշեց առաջնորդ սրբազանը: Ան իր խօսքը եզրափակելով հաստատեց, որ 75 տարի առաջ հայաշէնցիները հայկական ազգային հաւատքով կրցան շինել այս եկեղեցին, իսկ այսօր մենք կոչուած ենք պահելու այդ հաւատքն ու արժէքները, եթէ կ՛ուզենք լաւ ու հայ ապրիլ:

Ապա «Քասր Սուֆարա» ճաշարանին մէջ նշուեցաւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 75-ամեակը:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Խաժակ Պոյաճեան: Ապա թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմականին, անոր շինութեան մէջ հիմնական ներդրում ունեցած անձնաւորութիւններուն` շեշտելով, որ անոնց աւանդը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, որովհետեւ անհրաժեշտ է պահել ազգային արժէքներն ու անոնց նկատմամբ հոգատարութիւնը: Ան հաստատեց, որ 75-ամեայ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է եւ հայ ժողովուրդի հաւատքի ճանապարհը:

Ա. Գասարճեան ոգեկոչեց յիշատակը բոլոր նուիրեալներուն, որոնք որեւէ ձեւով օժանդակեցին եկեղեցւոյ կառուցման եւ պահպանման: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այսօր եւս այդ աշխատանքին լծուածներուն եւ եկեղեցւոյ կողքին կանգնողներուն:

Տօնակատարութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հրաչ Կայծակեան:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ազգային թելադրանքներով լի առիթ նկատեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 75-ամեակը` հաստատելով, որ հայ առաքելական եկեղեցին հոգեւորին միացուցած է ազգայինը, ինչ որ աւելի կը ծանրացնէ իր պարտաւորութիւնն ու բեռը: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ դերին` շեշտելով, որ անիկա մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան վայր է եւ հայութեան գոյութեան երաշխիքներէն մէկը:

Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է ազգային առողջ մտայնութիւն սերմանել, հոգեւոր սնունդով օժտել նոր սերունդները: Ան յայտնեց, որ հայ եկեղեցին արժէք ու որակ պահպանող է, ուստի պէտք է զայն պահել, որպէսզի ինք ալ մեզ պահէ:

Իր խօսքը եզրափակելով` Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհաւորեց շրջանի ժողովուրդը, որ հակառակ դժուարութիւններուն եւ ժամանակի բերած փոփոխութիւններուն, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ պահելու պատմութենէն հասած աւանդն ու ժառանգութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES