ՏԵՍԱԿԷՏ. ՇՐՋԱՆԻՆ ՎԵՐԵՒ ՄՈՒԹ ԱՄՊԵՐ ԿԸ ԿՈՒՏԱԿՈՒԻՆ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վերջերս շրջանին մէջ տեղի ունեցող զինուորական բնոյթի շարժումները չեն կրնար չմտահոգել շրջանին բնակիչներուն ու ժողովուրդներուն ճակատագիրով մտահոգները:

Հորմուզի նեղուցին շուրջ Թեհրան-Ուաշինկթըն բարձր լարուածութեան կողքին գոյութիւն ունին նաեւ այլ մտահոգիչ երեւոյթներ: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի յօդուածագիր Սեֆիր Պլուցերքըր վերջերս գրած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մօտ օրէն «եւ նախատեսուածէն աւելի մօտ ատենէն» Իրանի հիւլէական կառոյցներուն դէմ յարձակում գործելու հրաման պիտի արձակէ: Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը 20 դեկտեմբերին հաղորդեց, որ Գերմանիոյ մէջ տեղակայուած ամերիկեան 7-րդ օդային բանակի հրամանատար Ֆրենք Կոռնեչ յայտնած է, որ քանի մը հազար ամերիկացի զինուորներ Եւրոպայէն Իսրայէլ պիտի ուղարկուին: Եւ ահա Փենթակոնի լրատու ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտարարած է, որ ամերիկացի 7 հազար զինուորներ Եւրոպայէն Ասիա-Խաղաղական ովկիանոսի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններուն մէջ պիտի տեղակայուին: Նշենք, որ ամերիկեան ուժերը արդէն Իրաքէն հեռանալով` շրջանէն դուրս չէին եկած, այլ` Քուէյթ տեղակայուած էին: Այս բոլորին կողքին, Իսրայէլ իր պաշտպանութեան պիւտճէն 700 միլիոն տոլարով բարձրացուց, հակառակ այդ պիւտճէի գումարը նուազեցնելով` ընկերային բարեփոխումներ ֆինանսաւորելու վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մէկ տարի առաջ տուած խոստումին:

Նշանակալից են նաեւ Ռուսիոյ շարժումները: Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Սուրիոյ վրայ ճնշումները զետեղեց Իրան-Արեւմուտք պայքարի ծիրին մէջ: Հետաքրքրական էր Սուրիա զէնք-զինամթերք փոխադրող «Շարիոթ» նաւուն պատմութիւնը. սոյն նաւը Ս. Փեթերսպուրկէն ճամբայ ելլելէ ետք ալեկոծ ծովուն պատճառով ստիպողաբար կանգ առաւ Կիպրոսի մէջ, գրաւուեցաւ, ապա ուղղութիւնը փոխելու խոստումներէ ետք անոր արտօնուեցաւ նաւարկել, սակայն անիկա «խոստմնադրուժ» ըլլալով` հասաւ սուրիական Թարթուս նաւահանգիստ, ուր վերջերս նշանակալից քայլով մը ռուսական օդանաւակիր մը եւ կարգ մը մարտանաւեր հասած էին:

Ի տես այս բոլորին, Իրան որոշ զիջում մը կատարելով յայտարարեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան քննիչներուն կ՛արտօնէ Իրան այցելել, ինչպէս նաեւ «5+1»-ին հետ Թուրքիոյ մէջ իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցելու թրքական առաջարկին համաձայն է: Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք Սուրիա-Թուրքիա սահմանին երկու կողմերուն վրայ հրթիռներու տեղակայման եւ Սուրիոյ մէջ թրքական ապահովական գօտիի մը ստեղծելու մասին տեղեկութիւնները, կարելի է եզրակացնել, որ շրջանին վերեւ մութ ամպեր կը կուտակուին:

Բայց եւ այնպէս, անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ զինուորական գործողութեան մը համար պատրաստութեան, գործողութեան մը ձեռնարկելու որոշումին եւ զայն գործադրելու կանաչ լոյսը տալու հանգրուաններուն միջեւ նպատակներու տարբերութեան, ինչպէս նաեւ դէպքերու զարգացման տարատեսակ եւ անկանխատեսելի դիպաշարներու կարելիութիւնը կայ: Ի վերջոյ մկաններու ցուցադրութեան եւ զանոնք գործի լծելուն միջեւ լեռ ու ձորի տարբերութիւն կայ: Յուսանք, որ այս բոլորը կը սահմանափակուին ներկայ հոգեբանական պատերազմի ծիրին մէջ, եւ դէպքերու զարգացումը շրջանը կ՛առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն ու կայունութիւն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES