ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՇՈՒՐԻ ՀԵՏ
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` իմամ Մուսա Սատըրի զաւակը` Սատրէտտին Սատըր եւ շէյխ Մոհամետ Եագուպի զաւակը` նախկին երեսփոխան Հասան Եագուպ, շաբաթավերջին շարունակեցին լիպիացի պատասխանատուներուն հետ իրենց ունեցած հանդիպումները:
Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման թղթածրարը քննարկելու շրջագիծին մէջ, Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիպիոյ արդարութեան նախարար Ալի Ահմիտա Աշուրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Աշուր յայտնեց, որ այդ գծով հետաքննութիւն բացուած է արդէն` յոյս յայտնելով, որ այդ մասին կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքներու յանգիլ:
Մանսուր իր կարգին յայտնեց, որ Աշուր գործակցութեան կատարեալ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է` աւելցնելով, որ յաջորդ հանգրուանին Լիբանան եւ Լիպիա տեղեկութիւններ պիտի փոխանակեն, որպէսզի հետաքննութիւնը աւելի շօշափելի տուեալներու հիման վրայ շարունակուի:

