«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» ԸՍԱՒ ՀԱՐԻՐԻ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համացանցային «Թուիթըր» ընկերային ցանցին մէջ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հաւանականութիւն չկայ, որովհետեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն ղեկավարութիւնները պատերազմին դէմ են:

Ազգային երկխօսութեան մասնակցութեան ակնարկելով` Հարիրի յայտնեց, որ ապարդիւն է մասնակցիլ երկխօսութեան մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի չըլլայ երկրին պաշտպանութեան իմաստով ազգային որեւէ ռազմավարութեան յանգիլ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` Հարիրի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք փոփոխութիւնը մօտալուտ է:

Հարիրի հաստատեց, որ ինք մօտիկ ապագային Պէյրութ պիտի վերադառնայ:

Share this Article
CATEGORIES