ԻՐ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂԵԼՈՎ ՔԻ ՄՈՒՆԻ` «ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԴ ՄԵԶ ԿԸ ՀԱՆԳՍՏԱՑՆԷ, ԵՒ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒՍ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՆ» ԸՍԱՒ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Հանրահաւաքին մասնակիցները կը հետեւին Սէյիտ Նասրալլայի ճառին

Իմամ Հիւսէյնի սպանութեան քառասունքին առիթով շաբաթ, 14 յունուարին, Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը` կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի:

Հակառակ աննպաստ կլիմային եւ ցուրտին, հանրահաւաքին մասնակցեցան Հըզպալլայի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ, որոնք հետեւեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պատգամին:

Սէյիտ Նասրալլա իր պատկերասփռուած ճառին մէջ շեշտեց, որ սպանութիւնը իրենց համար արդարութիւն է, իսկ նահատակութիւնը` Աստուծոյ կողմէ շնորհուած արժանապատուութիւն:

Ան ընդգծեց, որ 1982-էն ի վեր իրենք այս ոգիով եւ կամքով է, որ դիմադրած են թշնամի Իսրայէլին ու բոլոր դաւադիրներուն եւ դարձած ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին ընդդիմացող ճակատ:

Սէյիտ Նասրալլա ամենայն վճռականութեամբ հաստատեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ Դիմադրութեան զէնքին եւ քաղաքական ուղեգիծին:

Ան նկատել տուաւ, որ Դիմադրութիւնը, իր կողքին ունենալով լիբանանեան բանակն ու լիբանանցիները, միակ երաշխիքը կը կազմէ Լիբանանի ապահովութեան եւ լիբանանցիներուն գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու:

Իր խօսքը ուղղելով պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք մեծ գոհունակութիւն զգացած է նախանցեալ օր, երբ Պան Քի Մուն յայտարարած է, թէ իրենք մտահոգ են Հըզպալլայի զէնքով:

«Մտահոգութիւնդ մեզ կը հանգստացնէ եւ գոհունակ կը պահէ, իսկ մենք կը փափաքինք, որ Ուաշինկթըն եւ Իսրայէլ եւս մտահոգուին Հըզպալլայի զինուորական ուժէն: Մեզի համար կարեւորը այն է, որ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատին եւ համոզուին, որ Դիմադրութիւնը պիտի չարտօնէ, որ երկրին դէմ նոր ներխուժում մը կամ պատերազմ մը սանձազերծուի», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ զինեալ այս Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը եւ պիտի շարունակէ բարելաւել իր կարողութիւններն ու պատրաստուածութիւնը:

Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա համաձայն է եւ պատրաստակամ` մասնակցելու այնպիսի երկխօսութեան, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան մշակման հարցը: «Սակայն պէտք է քաջ գիտնալ, որ այդ երկխօսութիւնը Հըզպալլայի ապազինումին մասին պիտի չըլլայ», աւելցուց ան:

Լիբանանեան ներքին ապահովական կացութեան անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի վարչապետ Միքաթիի կառավարութեան եւ լիբանանեան ապահովական հաստատութիւններուն ու բանակին կողմէ ոճրագործները, աւազակներն ու այլ յանցագործները հետապնդելու արշաւին: Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց սակայն, որ իրենք այդ պատասխանատուութիւնը չեն ստանձներ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նկատել տուաւ, որ իրենք նախանձախնդիր են Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ չեն փափաքիր, որ երկրին մէջ քաղաքական տարակարծութիւնները վերածուին ապահովական միջադէպերու: «Այս իմաստով մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` յանձնառու մնալու երկրին կայունութեան», ըսաւ ան:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան յաւելեալ աշխուժութեամբ գործելու` դիւրացնելու համար լիբանանցի քաղաքացիին կեանքն ու ապրուստը, ինչպէս նաեւ անոր ապահովելու ընկերային ծառայութիւններ:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ աշխատավարձերու թղթածրարին լուծումը անհրաժեշտ է: «Ըստ երեւոյթին, ոմանք չեն փափաքիր, որ աշխատավարձերուն յաւելումը կատարուի, որովհետեւ չեն ուզեր, որ կառավարութիւնը կարեւոր եւ կենսական թղթածրար մը լուծած ըլլայ», նշեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց նաեւ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման թղթածրարին առումով Լիբանանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին կառավարութեան քայլերուն:

Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ բնական է, որ Լիբանան ամէնէն աւելի ազդուի այդ իրադարձութիւններէն:

Ան կոչ ուղղեց սուրիական ներքին եւ արտաքին ընդդիմութեան` ընդառաջելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուղղած երկխօսութեան կոչերուն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ քաղաքացիական պատերազմի հաւանականութեան մասին կատարուող յայտարարութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Շրջանին մէջ քաղաքացիական պատերազմէ զգուշացնող ուժերը, որոնց կարգին` Իրանն ու Թուրքիան, եթէ իսկապէս անկեղծ են եւ յանձնառու են շրջանին իրադարձութիւնները հակակշռելու, ապա անոնք պէտք է իրենց քաղաքական կեցուածքները եւ տեղեկատուութիւնը վերատեսութեան ենթարկեն եւ վերջ տան նման յայտարարութիւններուն, որոնք լարուածութիւններ կը հրահրեն»:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ դէպի արժանապատուութիւն, ազատութիւն, ուժ, բարգաւաճում եւ ապահովութիւն առաջնորդողը միասնականութիւնն է, սադրանքներու կանխարգիլումը եւ Դիմադրութեան ու անոր ոգիին կառչած մնալու յանձնառութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES