ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՐԻԱ ՔՈՒՐՍՈՎԱՅԻ 5-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ճատրակի տղոց (72-րդ) եւ աղջկանց (67-րդ) ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին մաս կազմող Մարիա Քուրսովա արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը` յաղթելէ ետք Նայիրա Մովսիսեանի:
2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Աննա Հայրապետեան, որ ապահոված է 4 կէտ: Անոր ետին գտնուող հինգ ուրիշներ ապահոված են 2,5-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, յաղթելէ ետք Կարէն Գրիգորեանի, Հրանդ Մելքումեան այժմ 3,5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն Արտաշէս Մինասեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան, որոնք ունին 3-ական կէտ:
CATEGORIES Մարզական

