ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Վերջին անգամ ութ ամիս առաջ (մայիս 2011-ին) ռինկ-ի վրայ տեսնուած գերմանահայ Արթուր Աբրահամ շաբաթ, 14 յունուարին վերադարձաւ մրցասպարէզ, երբ Օֆենպուրկի մէջ (Գերմանիա) գտնուող Պատէն Արենայիլ համալիրին մէջ ճակատեցաւ արժանթինցի Փապլօ Օսքար Նաթալիօ Ֆարիասի դէմ` WBO-ի միջցամաքամասային գերմիջին կշիռի տիտղոսին համար:
31 տարեկան Աբրահամ 5-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը` նկատի ունենալով, որ 24 տարեկան Ֆարիաս երեք անգամ գետին ինկաւ այս ռաունտին:
Տիտղոսին տիրանալէ ետք, Աբրահամ իր կողքին ունենալով իր մարզիչը` Ուլի Վեկենըրը, ըսաւ. «Զգալի էր, որ Ֆարիաս փորձած էր լաւ ձեւով պատրաստուիլ այս ճակատումին, բայց եւ այնպէս ես ալ երկար ժամանակ մեծ ջանք եւ եռանդ գործադրած էի: Ինծի համար իմ յաղթանակներուս սկիզբը տրուած է: Ինչպէս արդէն իսկ ըսած էի, այս տարի կրկին պիտի տիրանամ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին»:


