50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
ՀԱՅԱՇԷՆԻ ՄԷՋ
(ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»-Ի)
Խորէն արք. Բարոյեան բարեջան առաջնորդ հայոց Լիբանանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ անոր զաւակներուն, եկեղեցւոյս տօնին առիթով, 14 յունուար 1962 կիրակի օր:
Առտուան ժամը 8:00-ին, թաղականութեան անդամները, թաղիս միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները պատշաճ ընդունելութեամբ սրբազան հայրը առաջնորդեցին եկեղեցի: Թաղի երկայնքին դէմ առ դէմ շարքի կեցած էին Ազգային Թորգոմեան վարժարանի աշակերտները: Օգնութեան Խաչի արծուիկները եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, որոնք որոտընդոստ ծափերով օդը կը թնդացնէին:
Հանդիսաւոր Ս. պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Վահան քահանայ Ղազարեան, սրբազան առաջնորդ հայրը խօսեցաւ յաւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ մը. ան ըսաւ.
«Ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ,- Ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի,- այնպէս ալ մարդիկ իրենց գործերէն կը դատուին եւ կը գնահատուին:
«Յիսուսի Ծնունդէն ի վեր հազարաւոր իմաստասիրական, կրօնական, բանաստեղծական գլուխ գործոցներ հրատարակուած են մեծ խորհողներու կողմէ: Յիսուս տող մը անգամ չգրեց, բայց իր շինիչ կեանքը գրի առին իր աշակերտներէն ոմանք, եւ այսօր մենք ունինք Աւետարանը, որ տիեզերքի գրականութեան ամէնէն կատարելագործուած սքանչելիքն է: Քրիստոնէական պտուղներէն` Ա.- Աւետարանը մեր կեանքի օրինագիրքն է, քրիստոնէական ծառին ամէնէն քաղցրահամ պտուղը: Բ.- Ս. Կրօնի ներշնչումով եղած են գրական գլուխ գործոցները: Հայ մտքի ստեղծագործութեան արդիւնքն էր մեր գրերու գիւտը եւ Ս. Գրքի թարգմանութիւնը որ դարձեալ քրիստոնէութեան ներշնչումով եղած է: Գ.- Ս. խորհուրդով լեցուած հոգիներն ու սրտերը դրսեւորած են պաստառի վրայ եւ երաժշտական նօթերու առջեւ այն գլուխ գործոցները, որոնք մեզի եկած են քրիստոնէական ուղիով: Դ.- Բոլոր մարդասիրական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները քրիստոնէական կրօնի պտուղներն են:
«Պէտք է գիտակցինք, որ քրիստոնէութիւնը քաղաքակրթութեան, հոգիի ազնուութեան սատարող կրօնն է»:
Ապա` խօսելով Յովհաննու Կարապետի մասին, շարունակեց.
«Մեր ժողովուրդն ալ կը յարգէ զայն եւ իր անունով կը կոչէ եկեղեցիներն ու զաւակները: Կը մաղթեմ, որ անոր կեանքը օրինակ ըլլայ հաւատացեալներուն, հոգեկան եւ բարոյական կեանքի զօրացման համար»:
Ս. Յարութեան պատկերին օծումէն ետք հինգ պատանիներու դպրութեան օծումը եւ անոնցմէ երեքին ուրարի տուչութիւնը կատարեց:
Մատաղի օրհնութենէն յետոյ Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ հիւրասիրուեցան սրբազան հայրը, եկեղեցական հայրեր, ազգային երեսփոխաններ, թաղիս կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները եւ վարժարանի ուսուցչական կազմը:
Ոգեւոր մթնոլորտի մէջ սրբազան հայրը մաղթեց, որ օր մը հայրենիքին մէջ հաւաքուինք բոլորս ալ, մեր հայկական դիմագիծը պահած, դրուատեց հայ երիտասարդութիւնը մատնանշելով անոր կարեւորութիւնը` իբրեւ մեր ազգին ապագան:
Արտաշէս Տ. Խաչատուրեան թաղականութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ յարգելի հիւրերուն, որոնք պատուեցին Հայաշէնի հայութիւնը իրենց այցելութեամբ:
Թաղականութեան, թաղիս կազմակերպութիւններու եւ Հայաշէնի հայութեան կողմէ վարժարանիս ուսուցչուհիներէն Մարի Սարգիսեան կարդաց ուղերձ մը, ուր ըսաւ.
«Երկար կեանք, ուժ եւ աստուածային համբերութիւն կը մաղթենք մեր քաջարի ու փոխ առնելով պատմաբանէն, շինարար առաջնորդ սրբազան հօր, որ աչալուրջ` պատնէշի վրայ է միշտ իր ազգաշէն ու բեղուն գործունէութեամբ»:
Թորգոմեան վարժարանի տնօրէն Խորէն Մղտեսեան ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր ի պատիւ սրբազան հօր եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Թաղականութեան անդամներէն Միհրան Պուչաքճեան որդեգրեց երեք սան վարժարանիս աշակերտներէն, թաղիս ազգային երեսփոխան Օննիկ Չէրքէզեան` երկու սան, Ազգային երեսփոխան Արամ Ամասեան` երկու սան:
Յիշատակելի եղաւ այս օրը Հայաշէնի հայութեան համար, որ իր յարգանքը ցոյց տուաւ սրբազան հօր, եւ անոր անձին ընդմէջէն` Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ:
ԹՂԹԱԿԻՑ

