ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ ամանորի առիթով տեղի ունեցաւ խրախճանք:
Սրահի մուտքին վարչութեան անդամները տոպրակով մրգեղէն հրամցուցին իւրաքանչիւրին:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան իր խօսքի սկզբնաւորութեան խնդրեց ներկաներէն, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեն վարչութեան անդամ Սիլվա Կէօքճեանի յիշատակը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ եկան եւ քաջալերեցին զիրենք: Պերճուհի Գասպարեան երախտագիտական խօսք ուղղեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ` «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնին մասնաճիւղին:
Արդարեւ, աւելի քան 100 հոգի խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնեցին Կաղանդը` լսելով օրուան հիւր երգիչ Ճօ Աթաքեանի երգեցողութիւնը եւ սրահէն մեկնեցան լաւ յիշատակներով, մաղթելով վարչութեան անդամներուն` ուժ, կորով եւ յարատեւ վերելք:

