ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ԺԻՊԷՅԼ. «ԿԱՆԱՉ ԱՐԶ ՄԱՐԱԹՈՆ»ԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ 137 ԵՐԿՍԵՌ ՎԱԶՈՂՆԵՐ
Կազմակերպութեամբ «Ինթըր Լեպանոն» ակումբին կիրակի, 27 մարտին, Պէյրութէն Ժիպէյլ տեղի ունեցաւ «Կանաչ Արզ Մարաթոն» վազքի մրցումը (42,195 քմ)` մասնակցութեամբ 137 երկսեռ վազողներու:
Վազքի այս մրցումը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, եղաւ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերէն անձեր:
60-64 տարեկան դասակարգին մէջ Մանուէլ Իզմիրլեան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 3 ժամ 31′ 40″ արդիւնք մը:
45-49 տարեկան դասակարգին մէջ, Սերժ Չոփուրեան հանդիսացաւ երկրորդ` արձանագրելով 3 ժամ 9′ 24″ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարար Մոհամետ Ռահհալ, որ կը ներկայացնէր Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը:
CATEGORIES Մարզական