ԻՆՉՈ՞Ւ ՅԵՏՔԵՄԱԼԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ
Եթէ Թուրքիա չձերբազատի քեմալականութենէն` իբրեւ պետութեան եւ ընկերութեան բաղկացուցիչ տարրէ, մենք չենք կրնար ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը եւ լուծել քրտական հարցը:
Լաւագոյն բանը, զոր քեմալական պետութիւնը կրնայ հրամցնել, զինուորականութեան հսկողութեան տակ «խնամակալութեամբ ժողովրդավարութիւն»ն է:
Քեմալականութիւնը իր հետքը ձգած է պետական կառոյցին, քաղաքական մշակոյթին եւ ազգային հոգեբանութեան, մտայնութեան վրայ:
Քեմալականութիւնը իր էութեան, իսկութեան մէջ նկատի կ՛առնէ միատարր ազգ մը եւ կարգապահ ընկերութիւն, հանրութիւն մը: Քանի որ ազգը, երկիրը միատարր չէ, այլ` ցեղային եւ կրօնական հատուածներէ բաղկացած, պետական կառոյցը օգտագործուած է չքացնելու, անհետացնելու համար տարբերութեանց աղբիւրները, կամ` առնուազն լռեցնելու համար այլազանութեան պնդումները: Ասոնց իբրեւ հետեւանք սկսան քիւրտերը եւ ոչ իսլամներու արտաքսումը հանրապետութեան ժամանակաշրջանին: Այսպիսով, պետութեան ընտրանին վերածուեցաւ միատէր իշխանութեան դէմ առ դէմ ընկերութեան մը, որ ենթակայ էր պետութեան միջամտութեան:
Աւելի՛ն. գագաթէն մինչեւ ստորոտ արդիականացման ծրագիրը, ինչպէս արտացոլուած է արմատական բարեկարգումի շարժումին մէջ հանրապետութեան առաջին օրերուն, ենթադրաբար ստանձնեց կարելիութիւնը կառուցելու, կերտելու «նոր ընկերութիւն» մը, որ ներդաշնակ ըլլայ պետական ընտրանիին առաջադրած գաղափարախօսութեան:
Ընկերութիւնը կ՛ենթադրուէր, թէ պէտք էր ըլլար «արդի աշխարհիկ, թրքական եւ հաւատարիմ», ինչպէս որ իրենց սորվեցուցած էին քեմալական յառաջամարտիկները:
Ընկերութիւնը արդի, աշխարհիկ եւ ազգային դարձնելու համար զայն պետութեան ընտրանիին ազդեցութիւններուն ենթարկելը, հիմնեց «նուիրապետական յարաբերութիւններ պետութեան եւ հանրութեան միջեւ»:
Ասոնք բոլորը ցոլացուցին այն հաւատքը, համոզումը, թէ «նոր ընկերութիւն» մը կարելի է կերտել պետութեան միջամտութեամբ` ըստ քեմալական ընտրանիին երեւակայած նախատիպին:
Բացայայտ է, որ ժողովրդավարութիւնը, որ պետութենէն բարձր կը դասէ ընկերութիւնը, կարելի չէ հաստատել այսպիսի նուիրապետական յարաբերութիւններով:
Դոմինիկեան, ամբոխավար վերաբերմունքը, որ տակաւին գերակայ է քեմալականներու եւ աշխարհիկ կարգերու ջատագովներուն մօտ, արգելք կը հանդիսանայ անոնց գուրգուրալու, փարելու ժողովրդավարութեան եւ ատոր քաղաքական արդիւնքին:
Այդ ատեն կարելի է հաստատել, թէ քեմալական խիստ օրէնքի տակ, որ պետութիւնը եւ անոր գաղափարախօսական յառաջամարտիկները ընկերութենէն բարձր կը դասէ, ժողովրդավարութիւն չի կրնար ծաղկիլ:
Ուրեմն, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովրդավարականացման հոլովոյթը անշրջելի, անդառնալի ընել Թուրքիոյ մէջ, յետքեմալական հանրապետութիւն մը անհրաժեշտ է:
Առնչուող խնդիր մըն են զինուորականութիւն-հանրութիւն յարաբերութիւնները: 1960 թուականի զինուորական պետական հարուածէն ի վեր զինուորականութիւնը ինքզինք հաստատեց իբրեւ քաղաքական ոլորտէն, ծիրէն անջատ եւ ինքնավար կառոյց:
Մինչ ան քաղաքականութենէն ինքնավար էր, վերջինս ենթակայ էր զինուորականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ նախապատուութիւններուն: Ասիկա եղած էր այն պնդումով, թէ զինուորականութիւնը քեմալական հանրապետութեան յառաջապահն է:
1960 թուականի պետական հարուածէն ետք ինքն իրեն այսպիսի դերակատարութիւն մը տալը կ՛օրինականացնէ, կը պատրաստէ գետինը քաղաքական հարցերուն զինուորական մնայուն միջամտութեան:
Այսպիսով, քեմալականութեան կազմաւորումի, ուռճացման տարիները վերստեղծուեցան 1960-ականներուն` սահմանափակելու համար քաղաքականութիւնները եւ արդարացնելու զինուորականութեան համար դեր մը, իր կամքը պարտադրելու ժողովուրդին կամքին:
Քեմալականութեան զինեալ ուժերով զօրակցիլը ստեղծեց ճակատագրական, աղէտալի իշխանութիւն մը` ժողովրդավարական ուժերուն դէմ: Այս ծուղակէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է բարեկարգել բանակը, ոչ իբրեւ գաղափարախօսական տարրի, որ կը փնտռէ քաղաքական ուժ, այլ` իբրեւ «արհեստավարժ» միաւորի: Այսպիսով, քաղաքացիական ամբողջական հսկողութիւն հաստատելով զինուորականութեան վրայ:
Ասիկա թէեւ չի կրնար իրականացուիլ քեմալական պետութեան մը մէջ, որուն հզօր հաստատութիւնները միշտ պիտի փորձեն քեմալականութեան իրենց գաղափարախօսական յանձնառութենէն ստանալ իշխելու, կառավարելու իրաւունքը:
Ուրեմն յետքեմալական պետութիւն մը պէտք է, որպէսզի կարելի ըլլայ ջնջել ներկայացուցչական հաստատութիւններու եւ ազգային կամքի վրայ գաղափարախօսական արդարացումներու օգտագործման հաւանականութիւնը:
Յետքեմալականութեան կարգի մը ստեղծման այլ պատճառը կը վերաբերի քրտական հարցին: Հարցին շարունակութիւնը, երկարաձգումը չէ խնդիրը, այլ` շահարկումը պետութեան ընտրանիին կողմէ, որ կը հաւատացնէ, թէ քրտական հարցը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման արգելք, խոչընդոտ է:
Քրտական հարցը միշտ իբրեւ պատրուակ օգտագործուած է Թուրքիոյ մէջ մենատիրական քաղաքական կազմաւորումի համար: Ասիկա առաջին անգամ գործադրուեցաւ Շէյխ Սայիտի կազմակերպած 1925 թուականի քրտական ապստամբութեան լոյսին տակ: Ըմբոստութիւնը ճզմելու համար Անգարայի վարչակարգը չսահմանափակեց իր միջոցառումները միայն քրտական շրջաններու եւ քիւրտերու դէմ: Այլ առիթը օգտագործուեցաւ ճզմելու համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ բոլոր ընդդիմութիւնները: Յառաջդիմական հանրապետական ընդդիմադիր նոր կուսակցութիւնը փակուեցաւ եւ Պոլսոյ այլախոհ մամուլը լռութեան դատապարտուեցաւ Շէյխ Սայիտի ղեկավարած ըմբոստութիւնը ճզմելու արշաւի ծիրին մէջ:
Այդ ատենէն ի վեր ուղին, ծրագիրը չէ փոխուած. «Քրտական պահանջները» օգտագործուած են պետութեան մէջ մենատիրական տարրերու կողմէ` յետաձգելու համար ամբողջական ժողովրդավարութիւնը, ճզմելու, ոտնակոխելու մարդկային իրաւունքները, անտեսելու օրէնքի իշխանութիւնը, եւ տարածելու զինուորականացած քաղաքական մշակոյթ մը` հրահրուած օգտագործումովը քրտական պահանջներու սպառնալիքին, որ իբր թէ Թուրքիոյ ամբողջականութեան եւ արժանապատուութեան կը վնասէ:
Հետեւաբար, կերտելու եւ ամրապնդելու համար ժողովրդավարութիւնը այս երկրին մէջ, քրտական հարցը պէտք է լուծուի: Նախ` որպէսզի ուղղուին պահանջները, երկրորդ` որպէսզի պետութիւնը կարելի ըլլայ ձերբազատել, կամ կարելի ըլլայ պետութիւնը զրկել ամբողջական ժողովրդավարութեան պահանջներու գոհացումին յետաձգման պատրուակէ մը:
Եւ քրտական հարցը կարելի չէ լուծել քեմալականութեան ծիրին մէջ, որ կ՛երեւակայէ թրքական ազգ մը` դատապարտելով նոյնիսկ քիւրտ ժողովուրդը: Մէկ խօսքով, մենք յետքեմալական հանրապետութեան մը պէտք ունինք, որպէսզի ամրապնդենք ժողովրդավարութիւնը, հաստատենք քաղաքացիական հսկողութիւն` բանակին վրայ եւ լուծենք երկար ատենէ քաշքշուող քրտական հարցը:
ԻՀՍԱՆ ՏԱՂԻ