«ՄԵՆՔ ԱՅՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԻԱՆԱՆՔ…»

Էրկենեքոնի հետաքննութեան ծիրին մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւնը ուժգին քամիներ կը յառաջացնէ տեղեկատուական մարզին մէջ:

Աղմկոտ երգչախումբ մը, որ կը նպատակադրէ ողողել բոլորը, ծնունդ առաւ մամլոյ ազատութեան պաշտպան անուան տակ:

Նոյնիսկ անոնք, որոնք սկիզբէն իսկ ակռաներով եւ եղունգներով կռուեցան բացայայտելու համար պետութեան մէջ ապօրինի կառոյցը, ջախջախուեցան, շուքի մէջ մնացին այս երգչախումբով:

Եթէ խնամատարական համակարգ կայ, այդ համակարգը իր սեփական տեղեկատուական ցանցը ունի: Եթէ պետական հարուածի մեղապարտ մը կայ, այդ մեղապարտը իրեն համար աշխատող, գործող թերթեր եւ լրագրողներ ունի: Մենք պէ՞տք է մոռնանք, թէ ինչպէ՛ս երեք օրաթերթեր նոյն խորագիրները հրապարակեցին զօրավարի մը պահանջին ընդառաջելով, 28 փետրուարի հոլովոյթին ատեն: Ասոր պատճառով տեղեկատուական աղբիւրներու համերաշխութիւնը Էրկենեքոնի հարցին առնչութեամբ, որ կը փորձէ մթագնել եւ խանգարել, նուազագոյն չափով չի զարմացներ զիս:

Իմ շրջապատէս մարդիկ ամէնէն շատ տառապեցան անարդարօրէն դատուելով: Զանոնք երէկ տանջողները նոյն մարդիկն են, որոնք այժմ կ՛երգեն` «Ո՛չ, անարդար դատավարութիւններու»: Մենք գիտենք, որ երբ իսկապէս անմեղ ես, ինչ կը զգաս իբրեւ ոճրագործ, աւազակ դատուելով, մեղադրուելով:

Եթէ խղճմտանքի հարց է, զիս ալ նկատի առէք: Ոչ միայն ես հզօր խիղճ ունիմ, այլեւ աստուածավախ եմ: Մաղթանքս, ոչ միայն մեր արգելափակուած պաշտօնակիցներուն այլեւ բոլոր անոնց, որոնք ձերբակալուած են Էրկենեքոնի հարցով, այն է, թէ անոնք անմեղ են, եւ թէ ամբաստանութիւնները անհիմն են:

Անարդար, անբարոյական եւ ստորութիւն է նոյնիսկ քու հակառակորդներուդ համար ըսել, թէ անոնք պէտք է պատժուին, երբ օրինական փաստեր չկան հաստատող, որ անոնք ոճիր գործած են: Ոճիր է, նոյնիսկ` մեղք, կամայականօրէն երկարաձգելը արգելափակման ժամանակամիջոցները եւ անարդար վերաբերում ցուցաբերելը մարդոց: Եթէ ոեւէ անձ այսպիսի արարք կը գործէ, ո՛վ որ ալ ըլլայ, կը բռնաբարէ օրէնքը, անարդարութիւն կ՛ընէ եւ վնաս կը պատճառէ Էրկենեքոնի դատական գործին:

Ինչո՞ւ Էրկենեքոնի դատական հոլովոյթը երկար կը տեւէ: Որովհետեւ հաստատութիւնները, որոնք կը զօրակցին խնամատարութեան, չեն օգներ արդարադատութեան, ընդհակառակը, կը փորձեն խափանել:

Սկսինք թրքական զինեալ ուժերէն:

Հազարաւոր վկայութիւններ կան ամբաստանութեան մէջ, որոնց մեծ մասը կ՛առնչուի թրքական զինեալ ուժերուն: Այդ ուժերը չե՞ն օգներ արդարադատութեան:

Ամիսներ տեւեց, մինչեւ որ հաստատուի, թէ ճակատագրական փաստաթուղթ մը  վաւերակա՞ն է, թէ՞ կեղծ: Արդարեւ, բանակի սպայակոյտի պետը փաստաթուղթը օդին մէջ ճօճեց եւ ըսաւ, թէ ատիկա ոչ այլ ինչ է, քան` աղբի կտոր մը: Երբ կը խօսէր զօրավարներու խումբի մը, ան վերցուց թեթեւ հակահրասայլային դատարկ զէնքերէն մէկը` յայտնաբերուած ստորերկրեայ, գաղտնի զինամթերանոցի մը մէջ, եւ ըսաւ, որ ատիկա միայն դատարկ «խողովակ» մըն է:

Ուրեմն ի՞նչ է կարգ մը կասկածելիներու փոխանցումը Կիւլհէյնի Զինուորական բժշկական ակադեմիա, կամ` տեղափոխումը զինուորականներու վերապահուած վայրեր:

Գրաւ կը դնեմ, որ եթէ թրքական զինեալ ուժերը իրենց ունեցած փաստերը յանձնեցին արդարադատութեան, դատավարութիւնը վեց ամիսէն կ՛եզրափակուէր:

Մենք նաեւ պէտք չէ անտեսենք քաղաքականութեան դերը Էրկենեքոնի դատի ուշացումին, յետաձգումին մէջ:

Ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան ղեկավարը եթէ կ՛ըսէ, որ ինք կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ո՞ւր է այս կազմակերպութիւնը, որ Էրկենեքոն կը կոչուի, եւ պիտի ուզէ անդամակցիլ ատոր, իսկ ապա կը դառնայ եւ կը բողոքէ, որ այս դատավարութիւնը ամբողջացնելը դժուար է, մարդիկ հարցականի չե՞ն ենթարկեր անոր անկեղծութիւնը, մաքրասրտութիւնը:

Ակնարկ մը նետենք բարձր արդարադատութեան: Դատը բացուած չէ՞ր կրկնօրինակի մը շուրջը: Կայի՞ն, թէ՞ չկային դատաւորներ բարձր ատեաններուն մէջ, որոնք կը գործէին Էրկենեքոնի զօրակցելով:

Դատաւորներու եւ դատախազներու Գերագոյն խորհուրդը անել կացութեան մատնուեցա՞ւ, թէ՞ ոչ, երբ փորձեց դատավարութեան համար նոր դատախազներ եւ դատաւորներ նշանակել:

Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ կարգ մը ատեաններու միութիւններ պիտակաւորուեցան «պետական հարուածի կողմնակից միութիւններ»:

Այժմ դառնանք տեղեկատուական մարզին, որ կը կարծէք, թէ գտած է առիթ մը` աղաւաղելու, խեղաթիւրելու համար դատավարութիւնը, իրենց պաշտօնակիցներուն զօրակցելու պատրուակով:

Ես նոյնիսկ պիտի չնշեմ այն գրգռիչ խորագիրները, զորս անոնք հրապարակեցին 27 մայիս 1960 թուականի պետական հարուածի նախօրէին` զինուորականութենէն պահանջելով, որ քայլեր առնէ:

Եկէք` հարցնենք նախկին գլխաւոր յօդուածագիրի մը, որ վերջերս միացաւ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան եւ այսօր լրագրողներու հետ ձեռք-ձեռքի կը քալէ, թէ ո՞ւր էր իր խիղճը 28 փետրուարի հոլովոյթին ընթացքին: Մոռցիր քու պաշտօնակիցներուդ համար ոտքի ելլելդ, դուն չգրեցի՞ր առաջնորդող յօդուած մը` «Ճանչնանք մեր մէջ գտնուող վախկոտները» խորագիրով, եւ որոշ մարդիկ նոյնացուցիր իբրեւ թիրախներ:

Լրագրութի՞ւն է խօսիլը երկրորդ երիզի մը մասին Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Տենիզ Պայքալին առնչուող եւ գրելը, թէ կարելի չէ եղած արձանագրել Պայքալի վերաբերող սեռային բռնաբարումի դէպք մը, զոր Քեմալ Քըլըճտարօղլու ցարդ չէ մեկնաբանած:

Մենք գիտենք, թէ որո՛նք են խնամատարութեան եւ պետական հարուածի կողմնակից լրագրողները: Եթէ անոնք լրագրողներ կը նկատուին, ուրեմն բացայայտօրէն ես լրագրող չեմ:

Կ՛ափսոսամ, որ մեր կարգ մը անտարակուսելի պաշտօնակիցները ազդուած են այս երգչախումբէն:

Աստուած թող ներէ, բայց անոնց կարեկցանքը կրնայ չարաչար օգտագործուիլ, եղծուիլ:

Ոչ ոք մեր վրայ պէտք է ճնշում բանեցնէ, որովհետեւ մենք պիտի չմիանանք այս շատ ծանօթ երգչախումբին:

ՀԻՒՍԷՅՆ ԿԻՒԼԵՐՃԷ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS