ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մարդը բնական ընկերային կենդանի մըն է: […] Ան, որ այդքա՛ն ինքնաբաւ ըլլալով` կարիքը չի զգար եւ, հետեւաբար, իր մասնակցութիւնը չի բերեր ընկերութեան, կա՛մ հրէշ մըն է եւ կամ՝ աստուած մը:
ԱՐԻՍՏՈՏԵԼ
Յունուար 2011-էն սկսեալ արաբական երկիրներուն մէջ ծայր առած դժգոհութեան, ըմբոստութեան եւ յեղափոխական շարժումները, որոնք կը նպատակադրեն հիմնական փոփոխութիւն յառաջացնել արաբական ընկերութեան մէջ, անգամ մը եւս հրապարակ նետեցին համացանցի վրայ տեղ գտած ընկերային ցանցերը:
Զանազան շրջանակներ եկան նոյնիսկ հաստատելու, որ արտաքին դաւադրութիւններ կը կանգնին այս շարժումներուն ետին, եւ որ անոնք կ՛օգտագործեն համացանցի ընծայած դիւրութիւնները` տարածելու համար իրենց քարոզչական աշխատանքը: Այս հանգրուանին չենք ուզեր որեւէ ձեւով ակնարկել այս հաստատումներուն, տրուած ըլլալով, որ պիտի շեղինք մեր նիւթէն: Սակայն կարելի է անկասկած հաստատել, թէ այնպէս ինչպէս բոլոր նման պարագաներու գոյութիւն ունին agents provocateurs-ներ, այս պարագային եւս նման աշխատանքներ կարելի եղաւ իրագործել համակարգչային ընկերային ցանցերու միջոցով: Այլ խօսքով, ընկերային ցանցերու սպասարկումի համակարգչային կայքերը օգտագործուեցան շարժումի հրահրման, ինչպէս նաեւ շարժումի ձեւաւորման գործընթացին մէջ:
Զանգուածը կազմակերպելու եւ զայն ոտքի հանելու համար հարկաւոր է ունենալ հիմնական միջոցները` հասնելու համար այդ զանգուածին` տարածելու համար ընկերութեան մէջ փոփոխութիւններու միտող մտածումները եւ գործնականացնելու համար զանգուածը շարժման մէջ դնելու նպատակները: Այս է եղած տպագրական գիւտի օգտագործումը 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն շղթայազերծուած ընկերային յեղափոխութիւններուն մօտ, ուր գիրքը հիմք ծառայած էր ընկերութեան մէջ ընկերային ցանցերու ստեղծման եւ տարածումին: Նոյն դերը կատարած էր ձայնասփիւռը 20-րդ դարուն, երբ անիկա մէկ կողմէն հիմք ծառայած էր ստեղծելու ընկերային նոր պայմաններ եւ միւս կողմէ, յառաջ մղած էր ընկերային ցանցերու եւ գաղափարախօսութիւններու արմատականացումը:
Ահաւասիկ այս դերն է, որ կ՛ուզեն այսօր խաղալ համակարգչային միջոցներով եւ հիմնականօրէն համացանցի միջոցով տարածուող ընկերային ցանցերու սպասարկման կայքէջերը:
Սակայն խաբուսիկ եւ սխալ պիտի ըլլայ ամբողջական զուգահեռներ գծելը ընկերային ցանցերու դասական հասկացողութեան եւ համացանցի դրսեւորած իրականութիւններուն միջեւ:
Այս իմաստով, նախքան յաւելեալ մտորումներ կատարելը, հարկաւոր է պահ մը անդրադառնալ համացանցի ընկերային ցանցերու սահմանումին:
Հիմնականին մէջ այս սպասարկութիւնները երեւութապէս շատ տարբեր բան չեն մտադրեր, քան` դասական ընկերային համախմբումները: Արդարեւ, այսպէս կոչուած արդիական եւ համացանցի կայքերու վրայ ամրացած այս սպասարկութիւններուն նպատակն է գոյացնել միջավայր մը, ուր յառաջ պիտի բերուին ընկերային կազմաւորումներ եւ ընկերային յարաբերութիւններ, եւ ուր կարելի պիտի ըլլայ համախմբել մարդիկ, որոնք կը բաժնեն միեւնոյն հետաքրքրութիւնները եւ իղձերը, նաեւ` կարելի պիտի ըլլայ պայքարիլ եւ յաղթահարել զանազան քաղաքական, տնտեսական եւ աշխարհագրական արգելքներ` այդ հետաքրքրութիւնները եւ իղձերը սեփականութիւնը դարձնելու համար ընկերութեան մօտ:
Սակայն հիմնական տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի այսպէս կոչուած դասական ընկերային ցանցերուն եւ այժմու ելեկտրոնային ընկերային ցանցերուն միջեւ: Արդարեւ, մինչ պատմական յոյն փիլիսոփաներուն օրերէն սկսեալ ընկերային ցանցերը կը կազմաւորուէին ընկերութեան խաւերուն եւ մասնիկներուն ֆիզիքական ժողովումով եւ այդ ֆիզիքական ժողովումին պարտադրած նախապայմաններով, այսօր ելեկտրոնային ընկերային ցանցերը կազմաւորուած են մէկ կողմէ անհատին եւ, միւս կողմէ, ընկերութեան հատուածներուն աներեւոյթ ներկայացուցիչներուն միաւորումով: Մինչ, դասական հասկացողութեամբ, մարդը ընկերութեան մէջ պիտի պայքարէր ֆիզիքապէս իր դիմաց գտնուող ընկերութեան մնացեալ անդամներուն դէմ` փաստելու համար ինքզինք, ճշդելու համար իր գերակայութեան եւ ազդեցութեան գօտին, այսօր այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ եսակեդրոն անհատի մը կողմէ, ընդդէմ համակարգիչի պաստառին ետին քողարկուած անծայրածիր, բայց միաժամանակ աներեւոյթ ու երեւակայածին ընկերութեան:
Անշուշտ աս մէկը ունի իր դրական անդրադարձը: Տրուած ըլլալով, որ աւելի դիւրին է պայքարիլ կամ առ հասարակ հանդէս գալ աներեւոյթ իրականութեան դէմ, որ ընկերային մարմին կը ստանայ շնորհիւ անհատին երեւակայութեան, շատ աւելի ընդարձակ կը դառնայ ընկերութեան խաւերուն մասնակցութիւնը համացանցի ընկերային ցանցերու սպասարկութիւններուն:
Աւելի՛ն. այժմու արհեստագիտութեան ընծայած հսկայական միջոցները կը քանդեն նաեւ աշխարհագրական եւ դասակարգային պատնէշները` ընկերային ցանցերու կազմաւորման, ձեւաւորման եւ ընդարձակման գործընթացին մէջ: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող եւ համացանցի վրայ նաւարկող մը կենդանի կապ հաստատած կ՛ըլլայ Քալիֆորնիոյ մէջ նաւարկող իր գաղափարակիցին հետ: Նոյն ատեն, նաւարկողը պիտի կարենայ մէկդի դնել այն բոլոր բարդոյթները, որոնցմէ ան կը տառապի բերանացի ճակատումի մը ընթացքին եւ համացանցի միջոցով ազատ թռիչք տայ իր ստեղծագործ միտքին` միաժամանակ հասնելով շատ աւելի տարածուն շրջանակներու: Վերջապէս եւ հիմնականօրէն, ան իր պայքարը պիտի մղէ` պաշտպանուած բոլոր տեսակի արտաքին ճնշումներէ: Միակ նախապայմաններն են ունենալ համացանցի կապուելու միջոց մը եւ համացանցի միջոցով հասնելու ընկերային ցանցերու սպասարկման կայքէջերուն:
Որոշ ստոյգ թիւեր ներկայացնելը կը հիմնաւորէ վերոյիշեալ տրամաբանութիւնը:
Այս սպասարկութիւններէն Դիմատետր (ֆէյսպուք) հիմնուած է 2004-ի փետրուարին եւ այսօր հանդէս կու գայ իբրեւ համաշխարհային տարածում ունեցող առաջին ընկերային ցանցը: Արդ, վեց տարիներ բաւարար եղած են, որ այսօր աւելի քան 600 միլիոն անձեր մաս կազմեն այս ցանցին` զայն վերածելով աշխարհի մեծագոյն «կուսակցութեան»: Մաս կազմելու համար ընկերային այս ցանցին` ենթական պարտի մանրամասնութիւններ տալ իր անձին եւ նախասիրութիւններուն մասին` հասարակութեան տիրապետութեան յանձնելով շարք մը անհատական տեղեկութիւններ, պատկերներ, կարծիքներ եւ այլն: Ենթական կը լեցնէ դիմումնագիր մը, ուր կը տեղադրուին շատ աւելի տեղեկութիւններ, քան ինչ որ էր պարագան դասական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան պարագային: Աւելի՛ն. մինչ դասական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան պարագային, դիմումնագիրի մէջ տեղ գտած անհատական տեղեկութիւնները կը մնան փոշիներու տակ թաղուած արխիւներու սեփականութիւնը, Դիմատետրի մօտ արձանագրուած այս տեղեկութիւնները թէականօրէն հասանելի են 600 միլիոն անդամներուն, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր կազմակերպութիւններու եւ առեւտրական հաստատութիւններու, որոնք այսօր քաջածանօթ են անհատին բոլոր իղձերուն եւ կարողութիւնը ունին շահագործելու զանոնք: Դիմատետրի զինարշաւը անոր անդամները կը մղէ շարունակաբար առօրէացնելու իրենց մասին տեղեկութիւնները, օրինակի համար` կայքէջին վրայ հրապարակելով իրենց առօրեային կապուած պատկերներ, դէպքեր, վերլուծումներ:
Այս իմաստով, հարց տրուած էր, թէ ինչո՞ւ բռնատիրական կարգեր կ՛արտօնեն Դիմատետրի եւ նմանօրինակ սպասարկութիւններու օգտագործումը իրենց ժողովուրդներուն կողմէ, երբ այս էջերը կրնան օգտագործուիլ իրենց իշխանութեանց դէմ պայքար շղթայազերծելու համար: Պատասխանը յստակ է: Թէ՛ բռնատիրական եւ թէ՛ այսպէս կոչուած ժողովրդավարական պետութիւններուն համար համակարգչային ընկերային ցանցերը ազատ դաշտեր են իրենց հակակշիռը հաստատելու համար զանգուածին վրայ, առաջին հերթին` «հսկելով» իրենց քաղաքացիներուն շարժումներուն վրայ, եւ երկրորդ` օգտագործելով ընկերային ցանցերու սպասարկութեան զէնքը` տարածելու համար իրե՛նց գաղափարախօսութիւնը:
Ընդարձակելու համար իրենց կայսրութիւնը` ընկերային ցանցերու սպասարկութիւնները կը կատարեն նաեւ հետեւեալը: Մինչեւ վերջերս համակարգչային ընկերային ցանցերու գործունէութիւնը կը կայանար առաւելաբար կամաւոր կերպով, այս ցանցերուն կայքէջերուն ընդմէջէն: Ներկայիս, սակայն, այս սպասարկութիւնները պայմանագիրներ հաստատած են զանազան այլ կայքէջերու հետ, ուր այդ կայքէջերուն վրայ հաստատուած յօդուածներ, լուրեր, տեղեկութիւններ, նիւթեր ենթակայ կը դառնան նաւարկողներուն «հետաքրքրութեան» եւ քննարկումին` այդ կայքէջերուն վրայ հաստատուած կապերուն միջոցով, որոնք բնականաբար այս միջամտութիւնները կը դարձնեն ենթակային ցանցի «բարեկամներուն» սեփականութիւնը:
Իսկ ո՞ւր է մեր մտահոգութիւնը այս բոլորին մէջ: Ինչո՞ւ զգուշութեամբ կը մօտենանք ելեկտրոնային ընկերային ցանցերուն: Չէ՞ որ հսկայական հորիզոններ կը բացուին այդ միջոցով մեր ընկերութեան անդամներուն առջեւ: Այս բոլորը ճիշդ ըլլալով հանդերձ, մեր առջեւ կը դրուին հետեւեալ հարցադրումները.
– Արդեօ՞ք ընկերային ցանցերու սպասարկութիւնները հեռու կը պահեն ենթակաները իրենց իսկական ընկերութենէն` զանոնք նետելով երեւակայածին ընկերութեան մը գիրկը:
– Որքանո՞վ ապաանհատական հաղորդակցութեան միջոցներ կը տարածուին այս ցանցերուն միջոցով:
– Որքանո՞վ այս ցանցերը կը նպաստեն ընկերային վիճաբանութիւնները աղաւաղելու` զանոնք հաստատելով համակարգիչի պաստառի ետին, ընկերային իսկական հարցերու հետապնդումը վերածելով ելեկտրոնային ցեխարձակման:
– Որքանո՞վ անոնք կը խլեն արտադրութեան եւ ստեղծագործութեան յատկացուած ժամերը եւ ենթակայ կը դառնան շահագործումի:
– Ինչպէ՞ս կարելի է ստուգել փոխանակուող տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը:
– Որքանո՞վ կարելի է վստահ ըլլալ, որ այդ կայքէջերուն յանձնուող անհատական տեղեկութիւնները օր մը պիտի չշահագործուին:
– Ընկերային յարաբերութիւնները արդիականացնելու միտող այս ցանցերը որքանո՞վ կ՛ապաընկերացնեն անհատը՝ ստեղծելով այդ կեղծ համատարած ինքնաբաւարարումը, որ կրնայ ստեղծել հրէշներ, թէկուզ` երեւակայածին:
Հիմնական առաջադրանք կը մնայ օգտագործելը ընկերային ցանցերու կառոյցը` յառաջ քշելու համար կանխածրագրուած յատակագիծ, այս ցանցերուն իսկ օգտագործումով ճիշդ ուղիի վրայ դնելու համար համացանցի մեր «նաւաստիները»:
ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ