ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԴՌՆՓԱԿ ՀԱՆԴԷՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ

ՄԱԿ-ի ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին առիթով Լիբանան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հանդիպումներուն հետեւելով կարելի է որոշ դիտարկումներ կատարել եւ փորձել անոնց հիման վրայ եզրայանգումներու ընդհանուր ուրուագիծեր ներկայացնել: Ի հարկէ բաւական բաժիններ պիտի շարունակեն մնալ անորոշութեան մէջ: Հետագայ դիպաշարը միայն կրնայ յետադարձ կարգով լոյս սփռել Տաւութօղլուի այս ուղեւորութեան կարգ մը հանգրուաններուն վրայ:

Նախ պէտք է արձանագրել, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորած այս խորհրդաժողովին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը միակն էր, որ նման հանգամանքով իբրեւ հիւր կը մասնակցէր ժողովին: Մեկնաբանութիւններու կը կարօտի նաեւ այն  իրողութիւնը, որ խորհրդաժողովի պաշտօնական բաց նիստէն ետք, ուր խօսք առած են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու պաշտօնական անձնաւորութիւնները, Տաւութօղլուի խօսքը եղած է դռնփակ նիստի ընթացքին:

Այստեղ ի հարկէ գերգաղտնի խորհրդակցութիւններու մասին չէ խօսքը: Անպայման, Տաւութօղլուի խօսքին բովանդակութիւնը կը դառնայ առնչուած կողմերուն սեփականութիւնը: Թրքական մամուլը արդէն երէկ որոշ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէր իր արտաքին գործոց նախարարի խօսքին վերաբերեալ: Պատգամը այլ է. յատուկ կարեւորութիւն տալ  շրջանին մէջ դերակատարութիւն վերցուցած Թուրքիոյ, որուն պաշտօնական ներկայացուցիչին Լիբանան ժամանումն ու հանգամանքի նկատառումով եզակի ներկայութիւնը նոյն դերակատարութեան շեշտումին կը միտին:

Հետեւելով մամլոյ հրապարակումներուն` կարելի է արձանագրել նաեւ, որ վարչապետին, նախկին վարչապետին եւ որոշ առումով նաեւ հանրապետութեան նախագահին հետ կայացած հանդիպումները կը կրեն դրական շեշտեր, մինչ համեմատաբար վերապահ բնոյթով անցած են խորհրդարանի նախագահին եւ Հըզպալլայի պատուիրակութեան հետ Անգարայի արտաքին գործերու գերատեսչութեան ղեկավարին ունեցած տեսակցութիւնները: Անշուշտ կարելի չէ յենիլ միայն մամլոյ հաղորդագրութիւններու բովանդակութեան վրայ, այսուհանդերձ լիբանանեան կողմերու տարբեր ներկայացուցիչներուն եւ պաշտօնական Անգարային ունեցած դիրքորոշումները` շրջանային իրադարձութիւններուն նկատմամբ, կը համոզեն, որ շեշտերուն դրականութիւնն ու բացասականութիւնը հեռու չեն իրականութենէ:

Լիբանանեան հանդիպումներուն այս բազմակողմանիութեան մէջ ուշագրաւ է նաեւ Տաւութօղլուի նախաձեռնութիւնը քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Տուած դասերը` համայնքներու համակեցութեան, խաղաղ գոյակցութեան եւ մասամբ նորին երկակի եւ եթէ ոչ բազմակի չափանիշերու վառ օրինակներ են, մանաւանդ նկատի ունենալով  Տաւութօղլուի երկրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ կիրարկուած խտրական քաղաքականութիւնը:

Քաղաքական այս հեգնանքը սակայն ունի իր հետեւողականութիւնը: Ամիս մը առաջ էր, երբ նոյն թուրք նախարարը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները կը հրաւիրէր Պոլսոյ մէջ գումարուելիք խորհրդաժողովի մը, յայտնաբար «մտահոգ»` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ճակատագիրով: Քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը շարունակուած է, երբ Տաւութօղլու Լիբանանի նախկին նախագահին հետ քննարկած է դարձեալ Թուրքիոյ մէջ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր ներկայացուցիչներու ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը:

Իսլամական դիմագիծով վարչակարգի ներկայացուցիչը քրիստոնեայ համայնքները համախմբելու, իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան նախաձեռնութիւններ առնելու եւ համաշրջանային մակարդակով դերակատարութիւն վերցնելու դրսեւորումներ կ՛ունենայ: Անգարայի կողմէ Պէյրութը ընտրուած է վայր այս բոլորին նախանիշերը յայտարարելու եւ միջազգային ընտանիքի կազմակերպած խորհրդաժողովը առիթ` դռնփակ քննարկումներ կատարելու ու կանխազգուշացնելու Լիբանանը, որ շրջանին մէջ պատահելիք ցնցումներուն հետեւանքով չներքաշուի քաղաքացիական պատերազմի:

«Արաբական գարունը Պէյրութէն սկսաւ» յայտարարութիւնը կատարող Տաւութօղլուն, որ հաստատած է Անգարա-Դամասկոս կապերու խզուած ըլլալը, այժմ կ՛անդրադառնայ «գարնանային» նոր ցնցումներու, որոնցմէ պէտք չէ վնասուի արաբական գարնան մեկնակէտը: Ա՛յս է երկօրեայ յայտարարութիւններուն առանցքային պատգամը: Այլապէս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտնուիլն ու անոր ցուցադրած քաղաքական հանդէսը կը յուշեն, որ Անգարա-Պէյրութ եռուզեռը զգալի կշռոյթով շարունակուելու նախադրեալներ ունի:

Share this Article
CATEGORIES