ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԱԾ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Լախտի հարուած» կոչուող ենթադրեալ յեղաշրջման դաւին մասնակցելու կասկածով բանտարկուած, հանգստեան կոչուած զօրավար Ահմեթ Նոկայլարօղլուի կողմէ, յունուարի սկիզբը տեղի ունեցած դատական նիստին ընթացքին կատարուած ակնարկութիւնները ամփոփեցին Թուրքիոյ զինուորականութեան մտածողութիւնը:
Նոկայլարօղլու իր պաշտպանութեան խօսքին մէջ ըսաւ. «Ես գիտեմ, որ այս ատեանին մէջ գտնուող իմ ընկերներէս ոմանք («Լախտի հարուած»-ի միւս ամբաստանեալները) ինծի պիտի արձագանգեն (այս նկատողութիւններուն պատճառով): Բայց Թուրքիոյ մէջ այսօր զինուորականութիւնն ու քաղաքայինները (կառավարութիւնը) կը համակարգեն: Կը մաղթեմ, որ մեր ղեկավարները (նախկին բարձրաստիճան հրամանատարներն ու քաղաքացիական կառավարութիւնը) 10 տարի առաջ հիմքը դրած ըլլային այս համակարգումին, որպէսզի մենք` հանգստեան կոչուած զինուորականներս, այսօր բանտին մէջ չըլլայինք: Ես ութ ամիսէ բանտն եմ, եւ ատոր (բանտարկուելու) պատճառը ես չեմ»:
Զօրավարին այս յայտարարութիւնը երկու կարեւոր պատգամներ կը յղէ:
Առաջին. զօրավարը իր գերադասներուն, մեծաւորներուն կ՛ըսէ. «Դուք մեզի յանձնարարականներ տուիք, եւ մենք գործադրեցինք ատոնք: Հակառակ ասոր` դուք մեր ետին չէք կենար»:
Երկրորդ. ան կը խոստովանի, որ եթէ զինուորականութեան եւ քաղաքացիական կառավարութեան միջեւ համակարգումը 10 տարի առաջ տեղի ունեցած ըլլար, իրենք բանտարկուած պիտի չըլլային յեղաշրջում սադրելու ամբաստանութեամբ:
Հանգստեան կոչուած եւ այժմ գործող աւելի քան 200 զինուորականներ (ներառեալ` զօրավարներ եւ նախկին հրամանատարներ) ինչպէս նաեւ ակադեմականներ եւ լրագրողներ այժմ արգելափակուած են իբր թէ յեղաշրջում ծրագրելու յանցանքի համար:
«Ես առարկութիւն մը ունիմ հանգստեան կոչուած զօրավարին առաջարկին, թէ ինք պէտք չէ մեղադրուի իրեն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն համար: Զօրավարի աստիճանի բարձրացման համար թրքական զինուորական համակարգը կը պահանջէ հրամանատարներու միջեւ ծանր եւ երբեմն անգութ մրցակցութիւն, որ այս դիրքը շատ կարեւոր կը դարձնէ: Թրքական զինեալ ուժերու (ԹԶՈՒ) մէջ ոչ ոք, բացի զօրավարէն աւելի բարձրաստիճան զինուորականի մը, կը համարձակի «ոչ» ըսել զօրավարի մը տուած հրահանգներուն: Աստիճանաւորումի այս համակարգը զօրավարները այնքան հզօր կը դարձնէ, որ անոնք կրնան մերժել այնպիսի հրահանգներ, որոնք ըստ անոնց կրնան օրինական չըլլալ, ինչպէս` ղեկավարումը համացանցային կայքերու, որոնք կառավարութիւնը կը վարկաբեկեն»:
Զօրավարներ, որոնք հաստատօրէն կը նոյնացուին ԹԶՈՒ-ի կառուցային բնոյթին, նկարագիրին (օրինակ` անոնք, որոնք զինուորականութեան առօրեայ գործը կը նկատեն քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալը), այդուհանդերձ, պիտի հնազանդին իրենց գերադասներուն հրահանգներուն, անկախ այն բանէն, թէ այդ հրահանգները սահմանադրութիւնն ու առկայ օրէնքները կը խախտե՞ն, թէ՞ ոչ:
Թրքական զինեալ ուժերուն մէջ շուրջ 360 զօրավարներ կան եւ անոնց միայն 20 առ հարիւրը արգելափակուած է յեղաշրջումի ամբաստանութեամբ: Մնացեալ զօրավարներուն դէմ ամբաստանութիւններ չեն ուղղուած: Ուրեմն հանգստեան կոչուած զօրավար Նոկայլարօղլու կրնար ինքզինք չնոյնացնել այն զինուորականներուն հետ, որոնք կ՛ենթադրուի, թէ մասնակից են քայքայիչ, կործանարար գործունէութեանց, ինչպէս` կառավարութիւնը բռնի տապալելու փորձին:
Պարզ դարձած է, որ ԹԶՈՒ-ի հրամանատարութեան կառուցուածքը, ներառեալ` բազմաթիւ զօրավարներ, ձախողած են կարդալու, ըմբռնելու Թուրքիոյ մէջ վերջին 10 տարիներուն տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոխակերպումը:
Հետեւաբար ԹԶՈՒ-ն կրնայ չգիտակցիլ, որ ընտրուած կառավարութիւնը տապալելու զինուորական յեղաշրջումները, ինչպէս նաեւ ընտրուած իշխանութիւնները բռնի տապալելու ծրագիրները օր մը կրնան յանցագործութիւն, ոճիր նկատուիլ:
Երեքշաբթի, 10 յունուարին, Անգարայի 12-րդ գերագոյն քրէական ատեանին տուած որոշումը` 12 սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական յեղաշրջումի գործին հետաքննութեան մեղադրական եզրակացութիւնը ընդունելու վերաբերեալ, յաւելեալ ապացոյց է շարունակուող դատավարութեանց շղթային մէջ, որ քանդիչ գործողութիւնները անպատիժ չեն մնար:
Նոկայլարօղլուի ակնարկութիւնները, դատական նիստին անոր պաշտպանութեան խօսքին մէջ, լուսարձակները կեդրոնացուցին զինուորականութեան եւ քաղաքացիական կառավարութեան միջեւ այսօր շարունակուող համակարգումին վրայ: Այս համակարգումը խնդրայարոյց է այն իմաստով, որ ատիկա կը թելադրէ, կ՛ենթադրէ, թէ հաւասար ուժերու, կողմերու միջեւ յարաբերութիւն կայ:
Սակայն Թուրքիա կենսականօրէն կարիքը ունի ժողովրդավարական համակարգի մը, որ նախ եւ առաջ կը պահանջէ զինեալ ուժերու ժողովրդավարական վերահսկողութիւն: Ասիկա հիմնականին մէջ կը ներառէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ենթակայութիւնը պաշտպանութեան նախարարութեան:
Ընդհանուր սպայակոյտի պետ զօրավար Նեճտեթ Էօզելի թրքական որոշ թերթերու վերջերս ըրած յայտարարութիւնը վերջին փաստն է` քաղաքացիական-զինուորական յարաբերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող լուրջ խնդիրներուն:
Զօր. Էօզել այս օրաթերթերուն տուած հարցազրոյցներուն ընթացքին ըրաւ քաղաքական դիտողութիւններ, նաեւ ընդդիմացաւ քրտերէնի ուսուցումին (թեմաներ, որոնք կ՛իյնան կառավարութեան պատասխանատուութեան տակ): Էօզել ընդհանրապէս կը նկատուի հրամանատար մը, որ ներդաշնակ, համահունչ կ՛աշխատի կառավարութեան հետ: Բայց ան որեւէ խնդիր չտեսաւ քաղաքական հարցերու շուրջ խօսելու համար:
Զինուորական յեղաշրջումներու հաւանականութիւնը միշտ պիտի նշմարուի հորիզոնին վրայ, եթէ գործադրութեան չդրուին ԹԶՈՒ-ի քաղաքական ազդեցութեան վերջ դնող զինուորական անհրաժեշտ բարեփոխումները:
ԼԱԼԷ ՔԵՄԱԼ
«Թուտէյզ Զաման»


