ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ – ԺԵՄԱՅԷԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա շահագրգռուած է շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեամբ: Այս ծիրին մէջ քննարկուեցան նաեւ Պոլսոյ մէջ շրջանային մակարդակով իսլամ-քրիստոնեայ ընդարձակ հանդիպում մը կազմակերպելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Տաւութօղլու շեշտեց, որ Լիբանան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան օրինակելի երկիր մըն է, որուն ապահովական կայունութիւնը կրնայ ապահովել շրջանին կայունութիւնը:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Տաւութօղլու ըսաւ, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ իր հանդիպումին ընթացքին բացայայտուած է, որ Սուրիոյ դէպքերուն առումով Հըզպալլա եւ Թուրքիա տարակարծիք են. ան աւելցուց սակայն, որ ժամանակն է, որ երկու կողմերը շրջանի երկիրներուն եւ Սուրիոյ մասին խորհրդակցութիւններ կատարեն:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՄԱԿ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին զգուշացուցած է Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հաւանականութենէն եւ կոչ ուղղած անոր առաջքը առնելու: Միւս կողմէ, Տաւութօղլու յայտնած է, որ արաբական որեւէ երկրի յաջողութիւն Թուրքիոյ յաջողութիւնը կը նկատուի:

Նոյն օրաթերթը նշած է, որ Տաւութօղլու այդ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանելիք գրաւոր խօսքը զանց առած է եւ բաւարարուած ինքնաբուխ ու տեղւոյն վրայ արտասանած իր խօսքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES