ԱՍԱՐԹԱ. «ՖԻՆԻՒԼ-ԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՈՒՐ ԵՆ»

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա երէկ Իպըլ Սաքիի մէջ պարգեւատրեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասի զինուորները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոյի:

Զօր. Ասարթա իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են, իսկ գործակցութիւնը` հեզասահ:

Ան շեշտեց, որ առանց այդ գործակցութեան կարելի չէր ըլլար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը լաւ կերպով գործադրել:

Միւս կողմէ, նշենք, որ Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մորինես Այոլաթի պիտի ժամանէ Լիբանան եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ու լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ֆայեզ Ղոսընի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES