ՊՆԱՇՀԻԻ ՄէՋ ՖԼԵՉԸՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖՐԵՆԺԻԷԻ ՀԵՏ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր նշեց, որ ինք լաւատես է, որ լիբանանեան բանակը 2012-ին իր գերիշխանութիւնը պիտի պարտադրէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
CATEGORIES Լիբանանեան

