ՊՔԵՐՔԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ

Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ գերապայծառ Միշել Աուն նշանակուած է Ժիպէյլի մարոնի համայնքի առաջնորդ, գերապայծառ Մունիր Խէյրալլա նշանակուած է Պաթրունի մարոնի համայնքի առաջնորդ, իսկ հայր Էլիաս Սլէյման` Լաթաքիոյ մարոնի համայնքի առաջնորդ:

Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Վենեզուելայի, Ուրուկուէյի, Քոլոմպիոյ, Արժանթինի եւ Քուպայի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES