ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ԵՒ ԹՈՒՆՈՒԶԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ

Մելատինով եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մելատինովը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Նիքոլայ Անտրիեւ:

Հանդիպումէն ետք Մելատինով յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի եւ պուլկարացի ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները:

Մելատինով յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիին յանձնած է Պուլկարիոյ վարչապետին կողմէ յղուած հրաւէր մը, որուն նպատակն է Միքաթիի հետ քննարկել Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութիւնն ու առեւտուրը աշխուժացնելու հեռանկարները:

Մելատինով շեշտեց, որ Լիբանան իր այսօրուան կացութեամբ Պուլկարիոյ հզօր գործակից կը նկատուի` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Ռաֆիք Ապտել Սալամ, որ իր կարգին շեշտեց լիբանանեան-թունուզեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Թունուզ այսօր ականատես է ապահովական կայունութեան եւ քաղաքական օրինականութեան, որոնց լոյսին տակ կը փորձէ զարգացնել իր տնտեսութիւնը:

Ան ընդգծեց նաեւ Թունուզի եւ Լիբանանի միջեւ տնտեսական մարզի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Եգիպտոսի նախկին վարչապետ Իսամ Շարաֆ, որ յայտնեց, թէ Միքաթիին տրուած այցելութիւնը կը միտի Լիբանանը հրաւիրել մասնակցելու Արաբական տնտեսական միասնականութեան խորհուրդին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը` բացայայտելու համար Ֆասսուհի մէջ փուլ եկած շէնքին դրդապատճառները:

Յանձնախումբը նաեւ առաջարկներ պիտի ներկայացնէ` Լիբանանի հին շէնքերը ստուգելու եւ նման փորձանքներու առաջքը առնելու:

Այս աշխատանքին առումով յանձնախումբը իր տեղեկագիրը 15 օրէն պէտք է ներկայացնէ վարչապետին:

 

Share this Article
CATEGORIES