ԻՐԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

Հիւսէյնի Պըրրիին կը յանձնէ յուշանուէր մը

Իրանի մշակոյթի նախարար սէյիտ Մոհամետ Ալի Հիւսէյնի երէկ ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն հետ եւ այցելեց Իմատ Մուղնիէի դամբարանը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հիւսէյնին, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:

Հանդիպումէն ետք Հիւսէյնի նկատել տուաւ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկումներուն ընթացքին շեշտած է Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:

Հիւսէյնի նկատել տուաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները բաւական դրական են ու շինիչ, եւ կարելի է դիւրաւ ամրապնդել Պէյրութ-Թեհրան գործակցութիւնը:

Հիւսէյնի նշեց նաեւ, որ իրենք քննարկած են շրջանային շարժումները եւ իսլամական զարթօնքի զարգացումները` դիտել տալով, որ Իրան կը քաջալերէ բոլոր կրօններուն միջեւ միասնականութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ Իրան մնայուն կերպով կը զօրակցի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն:

Հիւսէյնի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ Լիբանան ունի մէկ թշնամի, իսկական եւ հիմնական թշնամի, որ կը կոչուի Իսրայէլ կամ իսրայէլեան գոյացութիւն:

Հանդիպումին ընթացքին Հիւսէյնի Պըրրիին յանձնեց յուշանուէր մը:

Վարչապետարանին մէջ Հիւսէյնի ընդունուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Իրանի վերաբերող միացեալ հարցերը, ինչպէս նաեւ ստորագրուած երկկողմանի համաձայնագիրները գործադրութեան դնելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Հիւսէյնի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է արուեստի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս արուեստագէտներու փոխադարձ այցելութիւններուն եւ ցուցահանդէսներուն ու փառատօներուն փոխադարձ մասնակցութեան կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ Հիւսէյնի այցելեց նաեւ Ղպայրի, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու Իմատ Մուղնիէի շիրիմին` յարգելով անոր յիշատակը: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը բարձր պահած է արաբ ազգին ճակատը` աւելցնելով, որ Իրան հպարտ կը զգայ իր բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու  լիբանանցի ժողովուրդի պայքարին  օժանդակած ըլլալուն համար:

Նշենք, որ Հիւսէյնի երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհրդաժողովին:

 

Share this Article
CATEGORIES