ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՐ ՄՈՒՍԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդավարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Եգիպտոսի նախկին վարչապետ Իսամ Շարաֆ, որ ներկայացուց արաբական տնտեսական միասնականութեան ծրագիրը եւ միասնականութեան այդ խորհուրդին Լիբանանի անդամակցութեան հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Հատի Հըպէյշ, որ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


