ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՐԱՆԴ ՄԵԼՔՈՒՄԵԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Հայաստանի ճատրակի տղոց 72-րդ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Հրանդ Մելքումեան թէեւ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հրանդ Փաշիկեանի հետ, սակայն այժմ 4 կէտով կը մնայ առաջին դիրքին վրայ:
Անոր ետին 3,5-ական կէտ ապահոված են Ռոպերթ Յովաննիսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 67-րդ ախոյեանութեան, Մարիա Քուրսովա ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը` յաղթելէ ետք Անահիտ Խարպտեանի:
CATEGORIES Մարզական

