ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. 2011 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ուատիհ Ապսի (ձախին) յուշանուէր մը կը ստանայ Սելիմ Հաժ Նիքոլայէն (PROFOTO)

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Քասըր Սուֆարա» ճաշարանին մէջ (Տըպպայէ), կատարեց 2011 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Ուատիհ Ապսիի:

Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Եասեր Ապպուշի (երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական), Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, կոմիտէի փոխնախագահ Ժան Համմամ, ինչպէս նաեւ այլ կոմիտէի անդամներ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ակումբներու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, շնորհաւորելէ ետք բոլոր մրցանակակիրները, յաջողութիւն մաղթեց Դուին Մումջողլեանի, որ ապահոված էր 2012-ի Լոնտոնի Ամառնային ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը:

Մարզիկներուն անունով խօսք առնելով` Դուին Մումջողլեան շնորհակալութիւն յայտնեց փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, որ միշտ իր ամէն կարելին կ՛ընէ, որպէսզի փինկ փոնկի մէջ մարզիկները յաջողութիւններ արձանագրեն:

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք, նախագահ Նիքոլա յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց շարք մը անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին` Ապսիի:

 

Share this Article
CATEGORIES