ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱՂՋԿԱՆՑ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍՕՐ` ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 17 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի ներկայացուցչական խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատի Պէյրութի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մանարայի դաշտին վրայ եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով այս մրցումին ներկայ պիտի ըլլան միայն դաշտին տէրերուն համակիրները:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ պիտի ներկայանայ ամբողջական կազմով` նկատի ունենալով, որ 9 ամիս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դաշտերէն հեռու մնալէ ետք Սանտրա Նաժըմ կը վերադառնայ իր կազմին:
CATEGORIES Մարզական
