50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ՏՈՄՍԵՐ
Ա. ՄԱԼԽԱՍ
Շատ դժուար կը թուի Մալխասը ջնջել ապրողներու շարքէն եւ արձանագրել զայն` անդարձ մեկնած: Պարզապէս մահը չի պատշաճիր Մալխասին: Իր յառաջացած տարիքին մէջ իսկ, տակաւին վեց-եօթը տարի առաջ, կը պահէր աշխուժութիւն մը, որ կեանքը ապրելո՛ւ տենդով տարուած մարդոց անհանդարտ ապրելակերպը կը յիշեցնէր…
Երկար տարիներէ ի վեր հայրենիքէն հեռու մնալով հանդերձ, նոյնիսկ Ամերիկայի կեանքին հարթող գլանը չէր կրցած զայն հնազանդեցնել. «նստակեաց» քաղաքաբնակ մը դարձնել` իր որոշ գործով եւ առօրեայ միօրինակ, ձանձրացուցիչ ճանապարհով: Իր խառնուածքէ՞ն, թէ՞ նախընտրութենէն կը բխէր յարաշարժ, անկայուն կեանք մը, որ կը զգացնէր, թէ մեր տունը հոս չէր: Միշտ ճամբորդ էր, եւ պատրաստ` տեղ մը երթալու, այնքան ժամանակ, որ կրնար:
Շատ բան հանդարտած էր մեր երբեմնի հանրային գործիչներուն կեանքին մէջ, բայց ո՛չ Մալխասին, որուն հանդարտութիւնն իսկ անհանդարտ բան մը ունէր: Շարժումի, կեանքի մարդն էր, ընկերական ջերմութեամբ:
Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ կը հանդիպիք հայերու, որոնք գրաւուած են իր հայրենի վէպերով` մեր ազատամարտին պայքարէն ներշնչուած: Տարիներ շարունակ կը կարդացուէին իր գիրքերը, մանաւանդ` դպրոցական աշակերտներու, ուսանողներու, խոնարհ մարդոց կողմէ:
Ժողովրդական հեքիաթի պէս հաճելի ու նախնական էր իր պատմութիւնը, եւ ժողովուրդին մեծ զանգուածը, որ «սիրտ չունի» բարդութեան կամ խորութեան համար, կը հասկնար զայն, եւ կը սիրէր: Ինք եւս կը սիրէր ժողովուրդը, կ՛ուզէր անոր հետ ըլլալ, կ՛ուզէր ապրիլ անով, ու մասնակցիլ անոր կեանքին:
Տեսած էր մեր ազատամարտը, ողբերգութիւնը, ու վկան էր մեր շարք մը բախտորոշ օրերուն: Կը խօսէր դէմքերու մասին, որոնք քառորդ կամ կէս դարէ ի վեր հեռացած են այս աշխարհէն, ու մեզի հեքիաթ կը թուէր իր պատմածը, երբ նոյնիսկ անձնական վկայութիւն մըն է: Այնքան հին էին իր գիտցած դէպքերը, բայց այնքան հարազատօրէն հետաքրքրական:
Իր գրչի ոգին պարզ էր ու բնական, ինչպէս էր ըմբոստութիւնը իր ճանչցած ֆետայիին, որ անարդարութենէն զզուած, լեռ կ՛ելլէր, թշնամիէն վրէժ լուծելու մտադրութեամբ:
Մալխաս, նոյնքան բնականութեամբ ու սիրով գրիչ բռնած էր, պատմելու համար ինչ որ գիտէր, կամ կ՛երեւակայէր, այդ պայքարին շուրջ:
Մահն ալ եկաւ, պարզ ու անակնկալ հարուածով, իր ճանչցած մէկ ֆետայիին անվրէպ հարուածին նման:
ԳԻՍԱՒՈՐ
ԼՐԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՎԷՊԵՐ
Օր մը Օքլահոմայի (Միացեալ Նահանգներ) տեղական թերթերէն մէկուն խմբագրապետը սարսափած կը խուժէ արտօնատիրոջ սենեակը.
– Մեծ աղէտ, պատուհաս: Հիմա ինծի հեռաձայնեցին, թէ դատապարտեալը, որ այսօր ելեկտրական աթոռին վրայ պիտի մեռնէր, ներման արժանացած է:
– Բայց ինչպէ՞ս: Չորրորդ էջը ամբողջութեամբ իր մահուան մանրամասնութիւններ կու տայ եւ էջը արդէն իսկ մամուլի տակ է:
– Հոգ չէ: Քանի որ դեռ «առաջին» էջը չէ վերջացած, ծանուցանեցէք, թէ մահապարտը ներման արժանացած է: Եւ ապա աւելցուցէք. «Չորրորդ էջին վրայ պիտի կարդաք այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնց պիտի ենթարկուէր, եթէ ներումի հրամանը քիչ մը ուշանար»:
***
Նանթի (Ֆրանսա) թերթերէն մէկը` «Լը Սերպէր», միայն բանաստեղծութիւններ կը հրատարակէր գաւառին թատերական գործունէութեան եւ ընկերական խաղերու մասին: Պատասխանատու խմբագիրը օրին մէկը գրաւի եկաւ առնուազն երեք ամսուան միջոցին իր բաժանորդներուն մէջ պիտի գտնուէին Նանթի բոլոր բժիշկները: Գրաւը հինգ հարիւր ֆրանք էր, եւ կարելի էր բոլոր միջոցները գործածել պայմանաւ որ օրէնքին դէմ չըլլար:
Յաջորդ օրը, «Լը Սերպէր» կը ծանուցանէր հետեւեալը. Փափաքելով լրիւ թերթ մը ըլլալ, յետ այսու «Լը Սերպէր» բոլոր մահացածներուն անունը պիտի յայտարարէ:
Արդարեւ յաջորդ օրը կարելի էր կարդալ հետեւեալը.
Տխրունիներ.- Պր. Տիւրան, 50 տարեկան, մահացած ամսոյս 13-ին, խնամող բժիշկը Պ. Օքթաւ: Տիկին Տիւփոն, 34 տարեկան, մահացած 14-ին, իր բժիշկը Տիւփլանտ: Պր. Թիթին, 60 տարեկան, բժիշկը Օքրաւ: Օրիորդ Վիրժինի, 70 տարեկան, բժիշկը Ռամիլ:
Եւ այսպէս յաջորդաբար: Ամիս մը ետք խելացի խմբագիրը զուգակշիռ մը կատարեց եւ հրապարակեց իւրաքանչիւր բժիշկին անունը եւ իր մահացած յաճախորդներուն թիւը: Բոլոր Նանթի բնակիչները հետաքրքրուած էին: Բժիշկները սկսան բաժանորդ արձանագրուիլ օրաթերթին կարենալ հասկնալու համար իրենց արհեստակիցին անդենական ղրկած անձերուն թիւերը:
Իր ունեցած բաժանորդները բաւ համարելով «Սերպէր»-ի խմբագիրը հետեւեալ ծանուցումը դրաւ.
«Մեր ծանուցած տխրունիները կարգ մը ընտանիքներու հոգեկան վիճակին վրայ գէշ ազդած ըլլալով յետ այսու փոխան տխրունիներու պիտի հրատարակենք «վաճառանոց եւ շուկայ» նոր սիւնակը»:
«ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ»-Ը
«ԿՐԱՆ ԹԷԱԹՐ»-Ի ՄԷՋ
Համազգայինի Թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը երէկ` երեքշաբթի գիշեր, «Կրան թէաթր»-ի մէջ հանդիսաւորապէս նշեց իր գործունէութեան քսանամեակը` ներկայացնելով Լ. Շանթի «Հին աստուածներ»-ը, ընտիր հասարակութեան մը ներկայութեան:
Թատերասէրները իրենց առաջին իսկ ելոյթով արձանագրեցին փայլուն նուաճում մը, զոր կարելի է գրաւական նկատել մինչեւ յունուար 28 տեղի ունենալիք ներկայացումներու յաջողութեան:
Առանձինն պիտի անդրադառնանք անշուշտ այս ներկայացման, որ տրուեցաւ գնահատելի բծախնդրութեամբ եւ անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, թէ «Գասպար Իփէկեան» խումբը անփոխարինելի դեր կը կատարէ պէյրութահայ մշակութային կեանքէն ներս:

