ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ Կ՛ՈՒԶԷ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻ՞ՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ճափոնական «Նիհոն Քէյզայ Շինպուն» օրաթերթին հետ երկուշաբթի օր լոյս տեսած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիպիոյ մէջ մնայուն զինադուլ մը հաստատելու համար ջանքեր գործադրել: Օրաթերթը Տաւութօղլուի խօսքը մեկնաբանեց իբրեւ Լիպիոյ մէջ միջնորդութիւն ստանձնելու համար խանդավառութեան նշան մը:
Տաւութօղլու օրաթերթին ըսաւ, որ Թուրքիա կապի մէջ է Լիպիոյ հետ եւ երկրին մէջ կացութիւնը բնականոնացնելու համար ջանքեր կը թափէ:
CATEGORIES Միջազգային