ԼԻՊԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԱՌԱՋ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՆ

Ընդդիմադիրները կը յառաջանան

Լիպիացի ըմբոստները երէկ հրթիռներ արձակելով, ծանր զէնքերէ կրակ բանալով եւ Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն հետ մերթ ընդ մերթ բախումներ ունենալով յառաջացան դէպի Քազզաֆիի ծննդավայրը` Սըրթ:

Քազզաֆիի ուժերուն դէմ արեւմտեան օդային հարուածներէն քաջալերուած` ըմբոստները գրաւեցին Նաուֆալիան եւ յառաջացան դէպի Սըրթ: Անոնք իրենց յառաջխաղացքին ընթացքին տկար դիմադրութեան հանդիպեցան:

Միւս կողմէ, այսօր Լոնտոնի մէջ նախատեսուած 35 պետութիւններու մասնակցութեամբ Լիպիոյ տագնապը քննարկելու ժողովին նախօրեակին դիւանագիտական եռուզեռը աշխուժացաւ: Իտալիա առաջարկեց քաղաքական համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ զինադուլի արագ հաստատում, Քազզաֆիի աքսոր եւ ըմբոստներուն ու ցեղապետերուն միջեւ երկխօսութիւն:

Ռուսիա քննադատեց Լիպիոյ մէջ արեւմտեան միջամտութիւնը` յայտնելով, որ այդ մէկը քաղաքացիական պատերազմի մը ընթացքին կողմնակալութիւն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի խախտում է: Նշենք, որ ռուսական «Թաթնեֆթ» քարիւղի ընկերութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ընկերութիւնը կը նախատեսէ, որ Լիպիոյ տագնապին պատճառով 100 միլիոն տոլար վնաս կրէ:

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն միացեալ հաղորդագրութեամբ մը Քազզաֆիի համակիրներուն կոչ ուղղեցին զինք լքելու, իսկ անոր հակառակորդներէն խնդրեցին միանալ անոր հեռացումին ճամբան հարթող քաղաքական հոլովոյթի մը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն «Պի. Պի. Սի.»ին յայտնեց, որ «մենք այդտեղ ենք քաղաքայինները պաշտպանելու, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս»: Շաբաթ մը տեւած բուռն բանակցութիւններէ ետք ՕԹԱՆ ստանձնեց Լիպիոյ մէջ միջազգային զինուորական գործողութեան հրամանատարութիւնը: ՕԹԱՆ-ի մէկ բանբերը երէկ յայտնեց, որ հրամանատարութեան փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ քանի մը օրէն:

Մինչ այդ, Քաթար առաջին արաբական երկիրը եղաւ, որ լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ Լիպիոյ մէջ միակ օրինական իշխանութիւն: Լիպիական պետական պատկերասփիւռը Քաթարի քայլը «բացայայտ միջամտութիւն» մը նկատեց:

 

Share this Article
CATEGORIES