ՈՒՐԻՇ ԿԱՐԹԵՐ
Անցեալ օր կարթերու մասին մտածումներս արձանագրելու նստայ, բայց իմ գրել ուզածէս բոլորովին տարբեր բան մը թերթին ղրկուեցաւ: Բան մը փոխանցեցի, բայց իմ ուզած կարթերս իմ գրութենէս դուրս մնացին: Ճիշդը ըսելու համար` դուրս չմնացին, բայց գրութիւնը շատ երկար դուրս եկած էր: Գրածիս մէկ բաժինը միայն ղրկեցի թերթին, որպէսզի ընթերցողը գրութեանս չափէն սարսափելով` էջն ու թերթը գոցելով զայն մէկ կողմ չնետէ. ո՛չ միայն իմ արժանապատուութիւնս պիտի վիրաւորուէր, այլ նաեւ` թերթինը: Ո՞վ պիտի կարդայ այդքան երկար բան: Մեր օրերուն մարդիկ այնքա՜ն զբաղումներ ու մտահոգութիւններ ունին. հեռատեսիլ, ճաշարան, համակարգիչ, տնտեսական տագնապ, համացանց, զաւակներու դժուար դասերու վերահսկողութիւն, գիշերները անոնց ուշ տուն գալը, ժողով, պարահանդէս, փոխադարձ այցելութիւններ, տնային համերգներ (Սի. Տի.), տնային շարժանկար (Տի. Վի. Տի.), անոնց համակարգչային համապատասխանները (Սի. Տի. ՌՈՄ). դեռ շարե՞մ: Գի՞րք: Թե՞րթ: Եղեր հայկական թերթերը չեն կարդացուիր: Իսկ եւրոպականներն ու ամերիկեանները կը կարդացուի՞ն. անոնք ալ կա՛մ կղպանքին կը դիմեն, կա՛մ միլիառատէրի մը անձնատուր կ՛ըլլան. մեր ի՞նչը պակաս է, որ տարբեր վարուինք: Խօսքը մէջերնիս, թերթ գնողներն ալ յաճախ միայն վերնագիրները կը կարդան. թերեւս շատ-շատ` կարճլիկ յօդուած մըն ալ, որպէսզի թերթին համար տրուած փարան ամբողջութեամբ պարապի չերթայ: Իրաւո՛ւնք ունին մարդիկը: Երկարապատում յօդուած կարդալը տանջանք է, մղձաւանջ է: Ի՞նչ պէտք կայ այդքան շատախօսելու: Եթէ գրութիւնդ երկար դուրս գայ, ապա երկուքի կը բաժնես, կը տիրե՛ս: Ուրիշներ ամբողջ երկիրներ ու ժողովուրդներ երկուքի կը բաժնեն. Անգլիան հսկայ Հնդկաստանը բաժնեց աւելի փոքր Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի. յետոյ եղաւ Հնդկաստան, Փաքիստան եւ Պանկլատեշ. մենք յօդուա՞ծ մը պիտի չկարենանք բաժնել:
«Շատախօսութիւն» ըսի եւ արդէն անմիջապէս անդրադարձայ. այսպէս եթէ շարունակեմ, կարթերու մասին գրածս այս անգա՛մ ալ նոյն պատճառներով թերթին պիտի չղրկեմ: Օ՛ն, ուրեմն. իսկակա՛ն, մե՛ծ, հսկայակա՛ն կարթերու մասին:
Այնքա՛ն մեծ, որ ինծի կը յիշեցնեն մանկութեանս դիտած մէկ ժապաւէնը` «Մոպի Տիք»-ը` Կրեկորի Փեքի դերասանութեամբ: Այդ ժապաւէնը շատ սիրեցինք այն պատճառով մանաւանդ, որ դերասանը կը փայփայէր գաղթականի կեանքէն վիրաւորուած մեր հայկական ինքնասիրութիւնը. մեզմէ մեծերը մեզ համոզած էին, որ Կրեկորի Փեք հայ էր. Կրեկորի Փեքը պարզապէս Կրեկոր Իփեք էր. թուրքերը մարդուն գլուխին փոխարէն` միայն իր անունի «եան»-ը կրցած էին կտրել. ուրեմն` Կրեկոր Իփէկեան. այսինքն` Գրիգոր Իփէկեան կամ Համազգայինի թատերախումբին պէս` Գ. Իփէկեան. մէկը թատերախումբ, միւսը` դերասան. իր մօրմէն զատ ո՞վ պիտի համարձակէր հակաճառել այսքան անհերքելի փաստերու: Իսկ Մոպի Տիքին կա՞րթ կը դիմանար: 19-րդ դարու ճարտարարուեստը անկարող եղաւ գերելու Մոպի Տիք կոչուած հսկայական ու սպիտակ կէտը, որ դաւադրաբար կերած էր մեր հայրենակից Գրիգոր Իփէկեանին ոտքը եւ ժապաւէնի վերջաւորութեան առաւ նաեւ անոր կեանքը` ի ընդվզում եւ յուսախաբութիւն ազգային շունչով տոգորուած ինծի հասակակից հայ հանդիսատեսներուն: Սակայն հիմա 21-րդ դար ենք. ո՞ր Մոպի Տիքը կրնայ դիմադրել ժամանակակից անամօթ կարթերուն: Այնքան հզօր են այդ կարթերը, որ հազուադէպօրէն կը գործածուին հասարակ ձուկեր բռնելու համար: Անոնք սարքուած են մա՛րդ որսալու համար. մեր խեղճուկ ձկնորսները այլափոխելով` զանոնք վերածելով մարդորսի: Բայց զգո՜ւշ: Այս մարդորսները չշփոթէք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի հռչակաւոր մարդորսներուն հետ: Վերջիններս առաջիններուն առջեւ անմեղ, հրեշտակային էակներ էին: Ի՞նչ կ՛ընէին անոնք. պարզապէս քանդուած յարկաբաժինի մը այրած պատուհանի մը մութ անկիւնը հրացանը բռնած` կը կանգնէին ու կը սպասէին, որ քաղաքի ամայի փողոցներէն մէկը անցնի, անցած ատենը կը կրակէին. եթէ յաջողէին խեղճը զգետնել, երեկոյեան գործատիրոջ կողմէ կը ստանային իրենց արդար վաստակին փոխարժէքը` մարդ գլուխ. այնպէս` ինչպէս կօշկակարները կը վճարուէին` կօշիկ գլուխ: Սկիզբը գործերը լաւ կ՛ընթանային, սակայն պատերազմը սկսելէն հազիւ քանի մը ամիս անց մարդորսի գործը դադրեցաւ հասութաբեր ըլլալէ, քանի ամէն մարդ սկսաւ խուսափիլ մարդորսութեան համար յարմար վայրերէն: Օրական մէկ-երկու խեղճով ալ գործը իտարա չէր ըներ: Գործը փոխեցին. անցան թնդանօթին եւ ականուած ինքնաշարժին` ծանօթ տխուր հետեւանքներով: Մեթոտը փոխելով, արդիականացնելով` բարձրացաւ արդիւնաւէտութիւնը, նուազագոյն ճիգով առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու արուեստին տիրացան շատեր: Մերօրեայ մարդորսները մեթոտները աւելի՛ եւս կատարելագործելով` մէկ օրուայ մէջ ու մէկ վայրկեանի մէջ ու երեւելի կամ աներեւոյթ ձեւով ու մէկ անգամէն եւ միայն քանի մը խօսքով կամ շարժումներով տասնեակաւոր, հազարաւոր, միլիոնաւոր մարդիկ` ամբողջ հասարակութիւննե՛ր կը զգետնեն: Մերօրեայ արհեստավարժ ու իսկական ձկնորսներուն պէս: Այսինքն` ի հետեւումն այն հսկայական ձկնորս-նաւերուն, որոնք իրենց դաշտանման ուռկանները ովկիանոսներուն մէջ կը նետեն եւ մէկ անգամէն տեսակ-տեսակ, գունաւոր, մեծ ու պզտիկ ձուկեր կը բռնեն` թոներով:
Իրենց տարողութեամբ` անհաւասար երկու օրինակ միայն, եւ դուք դատեցէ՛ք:
Ա.- Կը մտնէք նոր ճաշարան մը: Նոր լուացուած-օսլայուած-արդուկուած շապիկ-հագուստ-կապուստով ճաշարանատէր-խոհարար-սպասեակներու «Բարեւ ձեզ, բարի եկաք»-ներէն ետք կը նստիք նոփ-նոր աթոռի վրայ, նոփ-նոր սեղանի առջեւ, կ՛ապսպրէք, կը ճաշէք նոփ-նոր պնակ-սփռոց-դանակ-դգալ-պատառաքաղով, ճաշի ատեն գոհունակութեան ճիչեր արձակելով, հիացմունքի ծամածռութիւններով կը դիմաւորէք անուշեղէնը, կը խնդրէք հաշիւը, կը վճարէք` մտածելով. «Քիչ մը սուղ եղաւ, բայց արժեց. ճաշը բացառի՛կ էր. եւ ի՜նչ քաղաքավար էին բոլորը»:
Չանդրադարձա՞ք: Կարթը արդէն նետուած է: Խայծն ալ անցած է ձեր քիթին համակարգչային ժահրի (ճշգրիտ ու մաքուր հայերէնով` վայրըս) նման, որ կը սպառնայ վնաս հասցնել ձեր բոլոր ծրագիրներուն, դանդաղեցնել ձեր կեանքի ամբողջ ընթացքը, ձեզ դարձնել կարթերու շարանի մը զոհը:
Կը դառնաք կանոնաւոր յաճախորդ: Ամէն անգամուն կը վճարէք մօտաւորապէս նոյն գինը. թերեւս քիչ մը աւելի սուղ, բայց ոչ` չափազանցուած:
Սակայն…
Կը նկատէք, որ ժամանակին (առաջին քոփի-փէյսթ) լուացուած-օսլայուած-արդուկուած շապիկ-հագուստ-կապուստը հետզհետէ նուազ (նորէն քոփի-փէյսթ) լուացուած-օսլայուած-արդուկուած է: Իսկ (անգամ մը եւս քոփի-փէյսթ) ճաշարանատէր-խոհարար-սպասեակները «Բարեւ ձեզ, բարի եկաք»-ներու փոխարէն, առանց յատուկ կերպով բարեւելու, ձեզ սեղան կ՛առաջնորդեն յօրանջելով: «Քիչ մը փոխուած է, բայց ճաշերը համով են», կ՛ըսէք-կ՛երթաք, բայց որոշ ատեն մը ետք, նկատելով արագացող վատթարացումը, «Ասիկա չափը անցուց, չըլլալիք է», կ՛ըսէք եւ ուխտ կ՛ընէք անգամ մըն ալ ոտք չկոխելու անիծեալ ճաշարանը:
Կը փոխէք ճաշարանը: Նորէն (վերջին անգամ մըն ալ քոփի-փէյսթ) նոր լուացուած-օսլայուած-արդուկուած շապիկ-հագուստ-կապուստով ճաշարանատէր-խոհարար-սպասեակներու «Բարեւ ձեզ, բարի եկաք»-ներէն ետք կը նստիք նոփ-նոր աթոռի վրայ, նոփ-նոր սեղանի առջեւ, կ՛ապսպրէք, կը ճաշէք նոփ-նոր պնակ-սփռոց-դանակ-դգալ-պատառաքաղով, ճաշի ատեն գոհունակութեան ճիչեր արձակելով, հիացմունքի ծամածռութիւններով կը դիմաւորէք անուշեղէնը, կը խնդրէք հաշիւը, կը վճարէք եւ այդ պահուն միայն կը նկատէք, որ նոր ճաշարանին տէրը հին ճաշարանին տէրն է:
Դասերնիդ առիք, եթէ առիք. ճաշեցիք-ուրախացաք-տառապեցաք-հայհոյեցիք, բայց մինչ այդ մարդը հարստացած է: Իր կարթն ու մանաւանդ կարթային ռազմավարութիւնը իրեն չափազանց օգտակար եղած են:
Բ.- «Այս օրինակէն բան մը չսորվեցանք. յաջող չէր», մտածեցիք հիմա. իրաւո՛ւնք ունիք. բայց ե՛ս ալ իրաւունք ունիմ: Վերջ ի վերջոյ ճաշարանէ մը ի՞նչ կարելի է սորվիլ. ո՛չ դպրոց է, ո՛չ ալ համալսարան, ոչ իսկ` ռատիոկայան կամ հեռատեսիլի կայան: Օրինակ` «Սի. Էն. Էն.»-ը, «Ժազիրա»-ն կամ «Պի. Պի. Սի.»-ն ինչե՜ր կը սորվեցնեն մեզի: Կամ ալ կը կարծենք, որ կը սորվեցնեն:
«Սի. Էն. Էն.»-ը մեր հիացմունքի բացագանչութիւններուն եւ շնորհակալութիւններուն արժանացաւ, որովհետեւ լուրերը կը փոխանցէր ՈՒՂՂԱԿԻ պատերազմի դաշտէն (զգացի՞ք կեռին սուր ծայրը. այստեղ Սատանան գլխագիր կերպարանք ստացաւ): Ամիսներով ու տարիներով ուրախութեամբ դիտեցինք Իրաքի առաջին պատերազմէն կենդանի նկարները, ամբարտաւան ու վայրենի սերպերուն վրայ ինկող ռումբերը. live, online եւ «կոտրող լուրեր» ` breaking news: Մեր սեփական աչքով տեսանք, թէ ինչպէ՛ս կը տրուի հրահանգը, ի՜նչ յաջողութեամբ կը գործադրուի ատիկա. ժապաւէն` առանց դերասանի, իրակա՛ն դերակատարներով. տեսանք նաեւ արդիւնքը եւ ուրախացանք ի տես արհեստագիտութեան նուաճումներուն, որոնք այդքան հարազատութեամբ կը ներկայացնէին մարդոց տառապանքն ու բարիներու տողանցքը: Մեր աչքին առջեւ կը ծառանային բազմաթիւ իրական ճոն ուէյններ ու քլինթ իսթվուտներ, որոնք կը սպաննէին Չարը` պաշտպանելով Բարին: Վկան եղանք նաեւ աւելի բացայայտ խայտառակութիւններու` սխալ տեղ ինկած ռումբերուն պատճառած աւերներուն ու մարդկային աղէտներուն, որոնց տրուեցաւ «կողմնակի վնաս» գեղեցիկ անունը: Անշուշտ, ուղղակի ըլլայ թէ կողմնակի, բոլոր ճամբաները խնդրոյ առարկաները ուղղակի դէպի երկինք առաջնորդեցին. դէպի այն վայրը, ուրկէ կ՛իյնային կողմնակալ ռումբերը:
Իրաքի երկրորդ պատերազմին շեֆերը դասերնին սորված էին արդէն: Անբաղձալի նկարիչներն ու հրապարակագիրները մէկ կողմ դրուած էին: Մեր դիտած նկարները զտուած էին. բայց մենք շարունակեցինք կուրօրէն հաւատալ լրատուութեան անաչառութեան, քանի որ կարթին կեռը դեռ մեր բերանն էր:
Կը յիշէ՞ք «Ժազիրա»-ի ծնունդը, որ շատերու համար վերածուեցաւ Ծնունդի. «արաբական «Սի. Էն. Էն.»-ը ծնաւ», ըսին ատենին մարգարէատիպ մոգեր. հետագային իրաւո՛ւնք ունեցան այդպէս ըսողները: Այս կայանին միջոցով ալ վայելեցինք Իսրայէլի` Լիբանանի վրայ կատարած յարձակումը, 2006-ին: Լիբանանի տառապանքն ու դիմադրութիւնը փռուեցաւ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ: Իսրայէլեան բանակը խայտառակ եղաւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով. մասամբ` շնորհիւ «Ժազիրա»-ին: Իսկ հիմա՞: Ալ չկան այդ պատերազմի հերոս հրապարակագիրներն ու նկարիչները: Չկան առարկայական մեկնաբանները: Հոն, ուր մեկնաբանները չեն փոխուած, անհետացած են առարկայական մեկնաբանութիւնները: Լրատուութիւնը կախարդական ցանցէ անցած է. այս մէկուն գարունը որպէս ամառ կը ներկայացուի, միւսին նոյն գարունը` իբրեւ ձմեռ: Կայանի տէրերուն գործին եկած լուրը օրերով կը սփռուի, իսկ չեկածին վրայէն կամացուկ մը կ՛անցնին: Բայց կը շարունակենք դիտել. կեռը դեռ նոյն տեղն է:
Հա՞պա «Պի. Պի. Սի.»-ն: Ժամանակին «Պի. Պի. Սի.» կ՛ըսէինք ու բարեւի կը կենայինք. «Պի. Պի. Սի.-ի՜ի՜»: Իրաքի երկրորդ պատերազմի աւարտին նորին վսեմութեան վարչապետ Թոնի Պլերը (ընկերվարակա՞ն) կայանէն խլեց անոր վայելած լրատուական անկախութիւնը, քանի իր սուտը բացայայտելու ընթացքին մէջ գտնուած էր ան: «Պի. Պի. Սի.»-ին ալ կեռ անցուցին. «Պի. Պի. Սի.»-ն ալ նոյնը ըրաւ մեզի: Ամէն ինչ յստակ է, բայց մենք հին վարժութեամբ ու վերանորոգ հաւատարմութեամբ կը շարունակենք հաւատալ. «Պի. Պի. Սի.»-ն ըսաւ, ուրեմն ճի՛շդ ըլլալու է:
Կասկած չկայ. մարդկութիւնը յառաջդիմա՛ծ է: Կարթերը աննախընթաց յաջողութիւն կ՛արձանագրեն:
Յ. Գ.- Գրութեան պարտադիր բաժանումէն ետք ուրիշ օրինակներ ալ միտքս եկան, սակայն ատոնց մասին պիտի չխօսիմ: Հիմա արդէն գիտէք պատճառը. երկար եղաւ: Բայց օրինակներէն մէ՛կը միայն երկու բառով մատնեմ. Օպամա եւ Ցեղասպանութիւն: Դիւրին հանելուկ է:
Վստահ եմ` հասկցաք եւ հանելուկին պատասխանը գտաք. վասնզի, ինչպէս կ՛երեւի, գոնէ դուք… ձուկ չէք:
Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ

