«ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ ՄԸ, ՈՐ ԼՃԱՑՄԱՆ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԲԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ
Ռուսիոյ վարչապետ, նախագահական թեկնածու Վլատիմիր Փութին հրապարակած է իր նախընտրական ծրագիրի ներածական մասը, որուն մէջ իր կարծիքը յայտնած է Ռուսիոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ պատասխան գործողութիւններուն մասին:
Ան ներկայացուցած է նաեւ այն պատճառները, որոնք զինք կը դրդեն դարձեալ պայքարելու Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնին համար:
«Ռուսիոյ անհրաժեշտ է կայուն զարգացում մը, որ լճացման հետ որեւէ հասարակաց բան չի կրնար ունենալ: Ժամանակակից աշխարհին մէջ կայունութիւնը արժէք մըն է, որուն պէտք է հասնիլ յամառ աշխատանքի շնորհիւ` ցուցաբերելով փոփոխութիւններ կատարելու պատրաստակամութիւն», գրած է Փութին իր նախընտրական կայքէջին վրայ:
Ան իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Ռուսիոյ մէջ պարբերաբար կրկնուող խնդիրներէն մէկը անոր վերնախաւի մէկ մասի յառաջմղման ու յեղափոխութեան ձգտումն է, որ «ըստ միջազգային փորձառութեան, դատապարտուած է տապալման»: Իսկ ատոր հակառակ միտումը լճացման հակումն է:
Նման միտումներու պատճառներէն մէկը, ըստ Ռուսիոյ վարչապետին, հասարակութեան` իշխանութիւններուն նկատմամբ վերահսկողութեան թուլութիւնն է եւ քաղաքացիական հասարակութեան ոչ զարգացած ըլլալը:
Ռուսիոյ նախագահութեան թեկնածուն խոստովանած է, որ ընտրութիւններէն ետք ձեռնարկուելիք քայլերուն նուիրուած քննարկումներուն բացակայութիւնը զինք կը մտահոգէ: «Պէտք է լայնածիր երկխօսութիւն` ապագայի, առաջնահերթութիւններու, ազգային զարգացման եւ հեռանկարներու վերաբերեալ: Այս յօդուածը նման երկխօսութեան հրաւէր է», գրած է Փութին:
Ան պաշտօնական տուեալներ վկայակոչելով ընդգծած է, որ այսօր Ռուսիոյ հինգ բնակիչներէն չորսին իսկական եկամուտները կը գերազանցեն 1989-ի Խորհրդային Միութեան զարգացման «գագաթնակէտ»-ի մակարդակը: Փութին յատկապէս ընդգծած է, որ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին երկրին մէջ ձեւաւորուած է մարդոց զգալի հատուած մը, որ Արեւմուտքի մէջ կը դասուի միջին դասակարգին մէջ:
Ան յիշեցուցած է, որ բնակչութեան շուրջ 10 առ հարիւրը նախկինին պէս աղքատութեան եզրին է, եւ ընթացիկ տասնամեակի վերջաւորութեան այս խնդիրը պէտք է ամբողջութեամբ լուծուի:
«Մեր խնդիրը ազգային զարգացման ճամբէն մաքրելն է այն աղբը, որ կը խոչընդոտէ յառաջընթացը», նշած է ան:
Իր նախագիծի վերջաւորութեան Փութին խոստացած է յառաջիկայ շաբաթներուն հանրային քննարկման ներկայացնել այս նիւթով աւելի շօշափելի առաջարկներ:


