Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ

Թրքական օրաթերթերը իրենց երեքշաբթի օրուան թիւերուն մէջ մեծ մասամբ անդրադարձան Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Թուրքիոյ նախկին նախագահներուն յղած հրաւէրին, Թուրքիոյ մէջ կենսոլորտային վատ պայմաններուն, մարզումի յատուկ օդանաւի ջախջախման եւ Թուրքիոյ մէջ անգործութեան համեմատութեան տուեալներուն:

Գրեթէ բոլոր օրաթերթերը կ՛անդրադառնան երկրին տարածքին եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ մէջ կլիմայական վատ պայմաններուն: «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ երկուշաբթի կէսօրէ ետք սկսած առատ ձիւնը անդամալուծած է առօրեայ կեանքն ու երթեւեկը: Ձիւնը նաեւ խանգարած է Պոլսոյ երկու ափերուն միջեւ երթեւեկող ճամբորդատար նաւերուն աշխատանքը, իսկ Պոսփորի կամուրջին վրայ երթեւեկը որոշ ժամանակ ընդհատուած է: «Սապահ» օրաթերթը յայտնեց, որ հազարաւոր անձեր ստիպուած եղած են տեղափոխուելու համար ժամերով քալելու:

«Նախագահ Կիւլէն ժեսթ մը» խորագիրով իր լրատուութեան մէջ «Միլլիյէթ» հաղորդեց, որ Կիւլ նախկին նախագահներ Սիւլէյման Տեմիրելն ու Ահմեթ Նեճտեթ Սեզերը հրաւիրած է մէկ օդանաւով մեկնելու այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ուրբաթ օր մահացած նախկին նախագահ Ռաուֆ Տենքթաշի յուղարկաւորութեան: Օրաթերթը կը նշէ, որ երկու նախկին նախագահներն ալ շնորհակալութիւն յայտնած են Կիւլին` իր յղած հրաւէրին համար, սակայն աւելցուցած են, որ իրենք յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի չգտնուին:

Թրքական օրաթերթերուն մեծամասնութիւնը անդրադարձաւ Եգէական ծովուն մէջ զինուորական մարզումի օդանաւի մը ջախջախման` հաղորդելով, որ ուղղաթիռներ, օդանաւեր եւ մարտանաւեր ջախջախուած օդանաւը կը փնտռեն:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ գործազրկութեան, «Ենի Շաֆաք» կը գրէ, որ 2011-ի սեպտեմբերէն նոյեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին ընթացքին Թուրքիոյ մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 2.1 կէտ նուազելով հասած է 9.1 առ հարիւրի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES