ԸՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՉԸԼԼԱԼԸ ՅՕԳՈՒՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ Է

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ Քոնիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ չըլլալը յօգուտ Թուրքիոյ է:

«Այն երեւոյթը, որ մեզի Եւրոպական Միութեան մէջ չեն ընդունիր, բացասական կերպով կ՛ընկալուի, սակայն այժմ յստակ կը դառնայ, որ անիկա յօգուտ Թուրքիոյ է: Յունաստանին օգնեցին, սակայն Յունաստանը տակաւին ճգնաժամէն դուրս չէ եկած: Կը նշանակէ, որ Թուրքիա այս պահուս աւելի լաւ վիճակի մէջ է», ըսած է թուրք նախարարը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին յայտարարութիւնը զարմացուցած է թրքական օրաթերթը:

 

Share this Article
CATEGORIES