ՀԱՆՑՄԱՆ ՊԻՏԻ ՀՐԱԺԱՐԻ ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻՆ
Եութա նահանգի նախկին նահանգապետ եւ Չինաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Հանցման որոշած է հրաժարիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան իր թեկնածութենէ` Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ընտրութիւններուն մէջ իր ունեցած տկար արդիւնքներուն համար:
Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն, քաղաքական գործիչը Նիու Հեմփշայր եւ Այոա նահանգներուն մէջ անյաջողութիւններու մատնուեցաւ, իսկ Հարաւային Քարոլայնայի մէջ եւս անոր յաղթանակի հաւանականութիւնը մեծ չէ: Ըստ հարցախոյզերու, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հանցմանի ժողովրդականութեան վարկանիշը չի գերազանցեր 2 առ հարիւրը:
Ճոն Հանցման իր այդ որոշումին մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Հանրապետական կուսակցութեան Միրթըլ Պիչի մէջ գումարելիք ժողովի ընթացքին:
Հանցման յայտարարած է, որ որոշած է այլեւս չշարունակել ընտրապայքարը եւ աջակցիլ այլ հանրապետական թեկնածուի մը` Մասաչուսեց նահանգի նախկին նահանգապետ Միթ Ռոմնիի:


