ՍՈՒՐԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան նշեց, որ Դամասկոս քաթարցի պատասխանատուներուն կողմէ Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու յայտարարութիւններուն նկատմամբ զարմանք կը յայտնէ եւ կտրուկ կերպով կը մերժէ այդպիսի կոչերը, որոնց նպատակը կացութիւնը վատթարացնել, արաբական աշխատանքի առիթները վիժեցնել եւ սուրիական ներքին հարցերուն օտար միջամտութեան առջեւ դուռ բանալն է:

Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի շաբաթ օր ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեան» յայտագիրէն հարցազրոյցի մը ընթացքին առաջարկած էր արիւնահեղութիւնը կասեցնելու համար արաբական ուժեր Սուրիա ուղարկել, իսկ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի կիրակի օր յայտնած էր, որ «արաբ նախարարներու խորհուրդի յառաջիկայ ժողովը պիտի քննարկէ Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու հարցը»:

Նշենք, որ սուրիացի ընդդիմադիրները իրենց կարգին կը մերժեն արաբական ուժերու Սուրիա ուղարկումը եւ անոնց տեղ միջազգային ուժեր կը պահանջեն: Եգիպտական դիւանագիտական աղբիւրներ եգիպտական «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու Քաթարի իշխանին առաջարկը մերժելի է, իսկ Արաբական լիկայէն աղբիւրներ լոնտոնեան «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիա արաբական ուժեր ուղարկելու գաղափարին իրագործումը անհաւանական է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կասկած յայտնեց, որ Արաբական լիկան իրաւունք ունենայ արաբ խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ուղարկելու` նշելով, որ «ըստ տեղեկութեանս, Արաբական լիկան այդպիսի լիազօրութիւններ չունի»:

Ան ըսաւ, որ Մոսկուա պատրաստ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով որոշումի մը շուրջ Արեւմուտքին հետ աշխատանքը շարունակելու, պայմանաւ որ այդ որոշումը զինուորական լուծումը բացառէ` նշելով, որ իր երկիրը մերժած է Սուրիա միջազգային ուժերու ուղարկումը:

Կաթիլով ցաւ յայտնեց, որ արեւմտեան երկիրները Սուրիոյ շուրջ ռուսական որոշումի քննարկումին ընթացքին փորձած են բանաձեւին մէջ աւելցնել բարեփոխումներ, յաւելումներ եւ առաջարկներ, որոնք բանաձեւին դրական բովանդակութիւնը կ՛աղաւաղեն: «Մենք չենք զօրակցիր այդ ոճին եւ կը կարծենք, որ բնագիրը հաւասարակշռուած եւ երկու կողմերուն ուղղուած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ ըսել, թէ սուրիական իշխանութիւնները ամէն բանի պատասխանատուութիւնը կը կրեն` ճիշդ չէ»:

Նշենք, որ Ռուսիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց իր որոշումին մէկ բարեփոխուած տարբերակը, սակայն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ռոման Նատալ յայտնեց, որ ռուսական բանաձեւը իրականութիւնը չ՛արտացոլեր: «Ֆրանսա կ՛ուզէ, որ Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական վարչակարգէն պահանջէ դադրեցնել բռնութիւնը եւ վարչակարգի բռնութեան ու սուրիացի ժողովուրդին` իր մարդկային իրաւանց պաշպանութեան ի խնդիր արտայայտութեան միջեւ տարբերութիւն դնել, ինչպէս նաեւ արաբական նախաձեռնութեան զօրակցիլ»: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրֆելէ իր կարգին յայտնեց, որ ռուսական բանաձեւը «բաւարար չէ»:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիա պատրաստ է ընդունելու արաբ դէտերու առաքելութեան երկարաձգումը, սակայն առանց անոր տարողութեան ընդլայնման:

 

Share this Article
CATEGORIES