ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ԱԼՃԵՐԻԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ԴԷՊԻ ԼԻՊԻԱ Կ՛ԱՌԵՒԱՆԳԵՆ
Քայիտայի ցանցին մաս կազմող զինեալ խմբակ մը Լիպիոյ սահմանին մօտ գտնուող հարաւարեւելեան Ալճերիոյ Իլիզի նահանգապետը եւ անոր օգնականը առեւանգելով դէպի Լիպիա փախուստ տուին:
Ալճերիական «Նահար Ժատիտ» օրաթերթը` վկայակոչելով հաւաստի աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ խումբ մը երիտասարդներ նահանգապետը, իր օգնականը եւ նահանգային խորհուրդի նախագահը առեւանգած եւ Քայիտայի ղեկավարներէն Ատել Համիտ Ապու Զէյտի հետեւորդներուն յանձնած են: Վերջիններս զանոնք Լիպիա փոխադրած են, ապա նահանգային խորհուրդի նախագահը ազատ արձակած են:
CATEGORIES Միջազգային

