ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԸ
Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի ծրագրային դիտարկումը կատարեց Մարտունիի շրջանի Կուրոպատկինօ բնակավայրի մերձակայքին մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին: Դիտարկման ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած:
CATEGORIES Հայկական

