ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃՈՆ ՓՐԵՍՔՈԹԸ

Փրեսքոթ եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի հարցով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի համազեկուցող Ճոն Փրեսքոթը:

Նախագահը բարձր գնահատեց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ ձեւաւորուած կառուցողական յարաբերութիւնները եւ այդ հոլովոյթին մէջ Ճոն Փրեսքոթի անմիջական ներգրաւուածութիւնը: Ան նշեց, որ Փրեսքոթի հետ վերջին հանդիպումէն ետք համագործակցութեան դաշտին մէջ որոշակի դրական զարգացումներ արձանագրուած են:

Փրեսքոթ եւս ընդգծեց, որ կտրուկ տարբերութիւն  կը նկատէ իր առաջին այցելութենէն ետք:  Ըստ անոր, դրական փոփոխութիւնները Հայաստանի քաղաքական գործիչներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն բովանդակութենէն ալ  յստակ են:

Հանդիպման ժամանակ Հայաստանի նախագահը եւ Հայաստանի հարցով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի համազեկուցողը անդրադարձան դատաիրաւական, ոստիկանութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, փտածութեան դէմ պայքարի մարզերուն մէջ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կազմակերպման հարցերուն:

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՆՈՐ ՕԳՆԱԿԱՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան կարգադրութեամբ` Վարուժան Ներսէսեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի  օգնական:

Վարուժան Ներսէսեան  2008-էն ի վեր աշխատած է  Միացեալ Նահանգներու մէջ իբրեւ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական, առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ: 2006-2008 թուականներուն  ան եղած է Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին կապերու վարչութեան պետ: Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

Share this Article
CATEGORIES